Thursday Jun 20, 2013

Վարչապետ Միքաթի Շարունակեց Հետապնդել Երկրին Ապահովական Հարցերը

By adminx - Thu Sep 20, 7:40 am

Ապահովական հարցերով նախարարական նիստէն պահ մը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի եւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի նախարարներուն ուշադրութեան յանձնեց Լիբանանի մէջ ստեղծուած առեւանգումի եւ առեւանգեալները ազատ արձակելու փոխարէն փրկագին պահանջելու նախընթացը` շեշտելով, որ այդ իրականութիւնը կը խոցէ լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ կարելի չէ թոյլ կեցուածք ցուցաբերել այս իմաստով, ինչ ալ ըլլան պայմանները: Ան ընդգծեց, որ ապահովութեան ուժերը պէտք է դիմեն խստագոյն միջոցառումներուն` կանխարգիլելու համար նման դէպքեր:

Վարչապետ Միքաթի նշեց, որ առեւանգումի միջադէպերը թէեւ իմաստութիւն, խոհեմութիւն եւ համբերութիւն կ՛ենթադրեն`  պահպանելու համար առեւանգեալին անվտանգութիւնը, սակայն անոնք կարիքը ունին նաեւ խստութեան` պատժելու համար յանցագործները:

Վարչապետը շեշտեց, որ քաղաքացիներուն կողմէ ապահովութեան ուժերուն օժանդակութիւնը իր կարգին անհրաժեշտութիւն է:

Հանդիպումէն ետք նախարար Շարպել յայտնեց, որ նիստին ընթացքին որոշուած է երկրին ապահովական կառոյցներու բոլոր պետերը հրաւիրել կառավարութեան գումարելիք յետմիջօրէի նիստին` քննարկելու համար առեւանգումին դէմ պայքարելու միջոցները:

Միւս կողմէ, Շարպել յայտնեց, որ Ռումիէի բանտին մէջ կառուցուող դատավարութեան դահլիճին մէջ դատավարութիւնները պիտի սկսին յառաջիկայ 15 հոկտեմբերին եւ այդ մէկը դրական ազդեցութիւն պիտի ձգէ բանտարկեալներուն վրայ:

Վարչապետը ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին Միքաթիի մասնակցութեան նախապատրաստական աշխատանքները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա, որ Միքաթիի հետ քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ բանակին միջեւ գործակցութեան եղանակը:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի փոխնախագահ Էնկըր Էնտըրսընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած բարեկարգումները` երկրին տնտեսութիւնը բարելաւելու նպատակով:

 

Leave a Reply

Advertisement