Monday May 20, 2013

«Պիտի Նպաստենք Լիբանանեան- Իտալական Գործարարներու Խորհուրդին Աշխատանքը Յաջողցնելու» Ըսաւ Վ. Սապունճեան

By adminx - Thu Sep 20, 7:38 am

Լիբանանեան-իտալական գործարարներու խորհուրդին յայտարարութեան առիթով, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են եւ ամուր` աշխատանքներու եւ մշակոյթի ծիրին մէջ:

«Լիբանանցին կը սիրէ իտալական ճաշակը եւ հակառակը նաեւ ճիշդ է, հետեւաբար` երկու երկիրներու ընկերութիւններուն մէջ կը ծնին հասարակ յայտարարներ», ըսաւ ան:

Վ. Սապունճեան հաստատեց, որ այդ խորհուրդին դիմագրաւելիք դժուարութիւնները կարելի է լուծել` երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելով եւ երկու երկիրներուն գործարարները քաջալերելով:

Ան նշեց, որ կարելի է փոխադարձ ներդրումներ կատարել եւ արտադրութիւններ փոխանակել:

Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ ինք պատրաստ է ամէն տեսակի օժանդակութիւն տրամադրելու` յաջողցնելու համար այս խորհուրդին աշխատանքները, որովհետեւ այդ խորհուրդն է, որ ճիգ չի խնայեր Լիբանան-Իտալիա երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդման իմաստով:

 

 

Leave a Reply

Advertisement