Ժալիլի. «Սուրիական Տագնապի Լուծման Համար Դրական Քննարկումներ Տեղի Կ՛Ունենան». Ասատ. «Ներկայ Ճակատամարտի Թիրախը Ամբողջ Դիմադրութիւնն Է Եւ Ոչ Թէ Միայն Սուրիան»
By adminx - Thu Sep 20, 7:26 am
- 0 Comments
- 132 views
- Tweet
Email
Print
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի երէկ Գահիրէէն ուղղուեցաւ Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Սալեհի Գահիրէի մէջ Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումէն ետք Դամասկոս հասնելով յայտնեց, որ Սուրիա «խնդիր մը կը դիմագրաւէ, եւ մենք կը փափաքինք, որ այդ հարցը ամէնէն մօտ առիթին լուծուի»:
Ան աւելցուց, որ «մեր Սուրիա այցելութեան նպատակը այդ հարցին շուրջ տարբեր քաղաքական մակարդակներու վրայ խորհրդակցութիւն կատարելն է, եւ կը փափաքինք տագնապի լուծման մէկ եզրակացութեան եւ արդիւնքի հասնիլ»` նշելով, որ այդ լուծումը «միայն Սուրիոյ մէջ եւ սուրիական ընտանիքին մէջ կ՛ըլլայ, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ շրջանային տարբեր հաստատութեանց մասնակցութեամբ եւ համակարգումով»:
Հանդիպումին ընթացքին Ասատ գնահատեց սուրիական տագնապի լուծման համար Իրանի թափած ջանքերը եւ ողջունեց որեւէ հաւասարակշռուած եւ արդար լուծում, որ սուրիացի ժողովուրդին շահերը կ՛ապահովէ: Ան ըսաւ, որ Սուրիա տագնապի լուծման համար առաջարկուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն դրական ընկալում ցուցաբերած է` նշելով, որ «տագնապին լուծման բանալին կը գտնուի Սուրիոյ օժանդակելու անկեղծ մտադրութեանց եւ այդ նախաձեռնութիւնները սուրիական գերիշխանութիւնը յարգող ճիշդ հիմերու վրայ կառուցելուն մէջ»:
Սուրիոյ նախագահը յայտնեց, որ ներկայիս ընթացող ճակատամարտին թիրախը ամբողջ դիմադրութիւնն է եւ ոչ թէ միայն Սուրիան:
Սալեհի իր կարգին նշեց, որ Իրան անսահման կերպով կը զօրակցի ապահովութեան եւ կայունութեան վերահաստատման գծով սուրիական կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերուն: Ան նաեւ սուրիական տագնապի լուծման համար երկկողմանի ջանքերու համակարգումի եւ աշխատանքի շարունակումը ընդգծեց:
Սալեհի նաեւ հանդիպում ունեցաւ իր սուրիացի պաշտօնակից Ուալիտ Մոալլեմի հետ:
Նշենք, որ Գահիրէի մէջ Իրանէն, Թուրքիայէն, Եգիպտոսէն եւ Սէուտական Արաբիայէն կազմուած կապի խմբակի երկուշաբթի օրուան ժողովին ընթացքին Սալեհի առաջարկած էր նշեալ չորս երկիրներէն դէտեր Սուրիա ուղարկել` օժանդակելու համար 18 ամիսէ ի վեր շարունակուող բռնարարքներու դադրեցման:
Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ աւագ բանագնաց Սայիտ Ժալիլի իր կարգին Պոլսոյ մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադառնալով Սուրիոյ հարցին յայտնեց, որ սուրիական տագնապի լուծման համար դրական քննարկումներ տեղի կ՛ունենան, իսկ լուծումը Սուրիոյ մէջ է` նշելով, որ «սուրիացի ժողովուրդը պէտք է իր ապագային վերաբերեալ որոշում տայ եւ ուրիշներուն իր փոխարէն որոշելու առիթ չընծայէ»:
Ժալիլի ըսաւ, որ «զէնքերն ու ահաբեկիչները Սուրիոյ տագնապին լուծում չեն, իսկ այդ երկիրը վերջին տասնամեակներուն ընթացքին սիոնական գոյացութեան դէմ դիմադրութեան լաւ աջակցող մըն էր, եւ այդ դիմադրութիւնը պէտք չէ տկարանայ»: «Վերջին երկու տարուան փորձառութիւնը փաստեց, որ զինուորական լուծումը Սուրիոյ համար լուծում մը չէ», ըսաւ ան եւ յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին միջեւ երկխօսութեան ճամբով երկու կողմերուն համար ենթահող պատրաստուի, որպէսզի գոյութիւն ունենայ Սուրիա մը, որ ժողովուրդէն, ինչպէս նաեւ դիմադրութենէն կը բխի:
Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի բանբեր Ահմատ Ռամատան խորհուրդի պատուիրակութեան Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանիի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ պատուիրակութիւնը պահանջած է, որ Քաթար եւս մաս կազմէ եգիպտական քառակողմ նախաձեռնութեան, սակայն շէյխ Համատ ըսած է, որ Քաթարի եւ Եգիպտոսի միջեւ ապագայ հեռանկարներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի, իսկ Քաթար կապի խմբակի աշխատանքի բնոյթին նկատմամբ հարց չունի, սակայն կ՛ուզէ, որ խմբակը իր առաքելութիւնը կատարէ ճշդուած ժամանակի մը ընթացքին, ապա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին դիմուի:
Շէյխ Համատ յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի առաքելութիւնը եւս ճշդուած ժամանակ մը պէտք է ունենայ: Ռամատան նշեց, որ 28 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պիտի գումարէ նիստ մը, որուն ընթացքին հիմնական հարցերու շուրջ համաձայնութիւն պիտի գոյանայ եւ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը այդ նիստին ներկայ պիտի գտնուի:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ վարչակարգէն անջատուած սուրիացի զօրավար Ատնան Սիլու բրիտանական «Թայմզ աֆ Լանտըն» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ասատ քիմիական զէնքի պաշարները Հըզպալլային պիտի փոխանցէ: Ան նաեւ նշած է, որ սուրիական կառավարութիւնը ծրագրած է քիմիական զէնք գործածել սուրիացի ժողովուրդին դէմ:
«Մենք շատ լուրջ քննարկումներ կատարած ենք քիմիական զէնքերու օգտագործման վերաբերեալ, մասնաւորաբար, թէ երկրի ո՞ր հատուածներուն մէջ պէտք է գործածուին այդ զէնքերը: Ըստ նախնական որոշումին, ատիկա պէտք է կատարուէր միայն այն պարագային, երբ կառավարական ուժերը կորսնցնեն Հալէպի վերահսկողութիւնը», ըսած է Սիլու:
- 0 Comments
- 132 views
- Tweet
Email
Print



