Ֆրանսայի Դեսպանատուներու Ապահովական Միջոցառումները Կ՛ամրապնդուին. «Հեպտօ Շարլի» Մոհամետ Մարգարէի Ծաղրանկարներ Հրապարակեց
By adminx - Thu Sep 20, 7:25 am
- 0 Comments
- 50 views
- Tweet
Email
Print
Ֆրանսական «Հեպտօ Շարլի» երգիծական ամսագիրը վաճառքի մրցանիշ հաստատեց, որովհետեւ իր նոր թիւին մէջ հրապարակած է Մոհամետ մարգարէի ծաղրանկարներ, որոնցմէ ամսագիրին կողքին վրայ ներկայացուած է ծայրայեղ ուղղափառ հրեայ մը, որ հաշմանդամի յատուկ կառքի վրայ փաթթոցաւոր կերպար մը կը հրէ եւ երկուքը մէկ կ՛ըսեն. «Պէտք չէ ծաղրես»: Ծաղրանկարները տեղադրուած են ամսագիրի կողքին եւ վերջին էջին վրայ եւ նուիրուած են իսլամական աշխարհի զայրոյթը յառաջացուցած ամերիկեան «Իսլամներու անմեղութիւնը» ժապաւէնին:
Ըստ ամսագիրի խմբագիր Սթեֆան Շարպոնիյէի, այդ ծաղրանկարները պիտի վիրաւորեն զգացումները անոնց, որոնք կ՛ուզեն վիրաւորուած զգալ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ «մտահոգ» է: Ան հրամայեց աշխարհի տարածքին գործող ֆրանսական դեսպանատուներուն ապահովական միջոցառումները ամրապնդելու: Ուրբաթ օր աշխարհի տարածքին շուրջ քսան երկիրներու մէջ ֆրանսական դեսպանատուները, հիւպատոսարանները, մշակութային կեդրոններն ու դպրոցները առ ի զգուշութիւն փակ պիտի մնան:
«Շարլի Հեպտօ» հաստատեց, որ իր կայքէջը յարձակումի ենթարկուած է: Խռովարարներու դէմ պայքարող ոստիկանութենէն ուժեր Փարիզի մէջ ամսագիրին գրասենեակին առջեւ տեղակայուեցան:
Արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին վրայ զետեղուած հաղորդագրութեան մը մէջ Ֆրանսայի վարչապետ Ժան-Մարք Այրօ յայտարարեց, որ «խօսքի ազատութիւնը (Ֆրանսայի) գլխաւոր սկզբունքներէն է», ինչպէս նաեւ աշխարհիկութիւնն ու կրօնական համոզումներու յարգանքը: «Ահա թէ ինչու, ներկայ պարունակին մէջ, վարչապետը կ՛ուզէ որեւէ չափազանցութեան իր մերժումը յայտնել», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Ֆրանսայի իսլամ ղեկավարները հանդարտութեան կոչ ուղղեցին: Փարիզի մեծ մզկիթի իմամ Տալիլ Պուպաքըր ըսաւ, որ ծաղրանկարներու հրապարակումը «ամօթալի, ատելի, անօգուտ եւ անմիտ գրգռութիւն է»: Նշենք, որ իսլամական կրօնը կ՛արգիլէ Մոհամետ մարգարէի դիմանկարներ ներկայացնելը:
Մինչ այդ, Ֆրանսայի վարչապետը արգիլեց շաբաթ օր «Իսլամներու անմեղութիւնը» ամերիկեան ժապաւէնին դէմ նախատեսուած նոր ցոյց մը: Անցեալ շաբաթ Փարիզի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան առջեւ առանց արտօնագիրի նմանօրինակ ցոյցի մը ընթացքին 152 ցուցարարներ ձերբակալուած էին եւ վեց ոստիկաններ վիրաւորուած:
- 0 Comments
- 50 views
- Tweet
Email
Print



