Հայկազեան Համալսարան. Ապագայ Հայ Ղեկավարութեան Պատրաստութեան Հիմնադրամի Հիմնում
By adminx - Thu Sep 20, 7:16 am
- 0 Comments
- 95 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ` չորեքշաբթի, 19 սեպտեմբեր 2012-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ապագայ հայ ղեկավարութեան պատրաստութեան հիմնադրամի (Ֆիուչըր Արմինիըն լիտըրշիփ ֆանտ) պաշտօնական բացումը: Սոյն հիմնադրամը յառաջացաւ համալսարանի խնամակալութեան կողմէ` նիւթական նպաստներու կարիքը ունեցող ուսանողներու յարատեւ աճող թիւին իբրեւ պատասխան:
Հիմնադրամը պիտի օժանդակէ ուսումնական գերազանց եւ նիւթապէս կարիքաւոր ուսանողներու` անոնց յատկացնելով մասնակի կամ լման կրթանպաստներ:
Պաշտօնական ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան համալսարանի նախագահը, խնամակալութիւնը, դասախօսական կազմը, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ եւ աշակերտներ:
Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան շնորհակալութիւն յայտնեց խնամակալութեան, որ հաստատեց այս հիմնադրամը եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութեան, որ ստանձնեց դրամահաւաքի առաջնորդութիւնը:
Վեր. Հայտոսթեան նշեց, որ թէեւ 100 առ հարիւր կրթանպաստը կը խլէ 25 հազար ամ. տոլար, սակայն նուիրատուները կրնան որեւէ գումար նուիրել:
Ան աւելցուց, որ արդէն իսկ հանգանակուած է 100 հազար ամ. տոլար, եւ կարիքը կայ տարեկան դրութեամբ 50 հազար ամ. տոլար հանգանակելու, որպէսզի ծրագիրը լաւապէս հասնի իր նպատակին:
Մեկնելով այս իրականութենէն` վեր. Հայտոսթեան շնորհակալութիւն յայտնեց 2 լիբանանահայ նուիրատուներու` Արմէն Յարութիւնեանին եւ Աւետիս Տեմիրճեանին` անոնց բերած ներդրումին համար` յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային այլ նուիրատուներու մասնակցութիւնն ալ կ՛ապահովուի այս ծրագիրին:
Համալսարանի նախագահը շեշտեց Հայկազեանի տրամադրած նիւթական նպաստներու ծրագիրին կարեւորութեան վրայ, ծրագիր մը, որ կը ներկայացնէ կառոյցին ներդրումը` պատրաստելու ապագայի լիբանանցի եւ հայ երիտասարդութիւնը: Ան աւելցուց, որ այս նոր հիմնադրամով գերազանցութիւնն ու ղեկավարութիւնը պիտի ստանան առաւել կարեւորութիւն:
Նշենք, որ այս հիմնադրամէն կրնայ օգտուիլ ոեւէ հայ ուսանող, որ կ՛ուզէ մասնագիտանալ որեւէ մէկ նիւթի, ինչպէս նաեւ ոեւէ ակադեմական, որ կ՛ուզէ մասնագիտանալ հայագիտութեան կամ քրիստոնէական դաստիարակութեան ճիւղերուն մէջ:
Ձեռնարկի ընթացքին նիւթական նպաստներու գրասենեակի պատասխանատու Մարալ Կիւրիւնեան յայտարարեց, որ իր առաջին տարին ըլլալով, հիմնադրամը 100 առ հարիւր կրթանպաստ յատկացուց 2 գերազանց աշակերտներու:
Արժանի աշակերտներն էին` Նանօր Գալայճեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն) եւ Րաֆֆի Քեսթենեան (Հայ աւետարանական քոլեճէն):
Երկու աշակերտները խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեցին համալսարանին եւ հիմնադրամին` խոստանալով իսկապէս դառնալ ապագայի ղեկավարներ:
Սոյն հիմնադրամը պիտի ըլլայ նոր առիթ մը փոխելու հայ ուսանողին կեանքը` զինք պատրաստելով ըլլալու ապագայ ղեկավար եւ առաջնորդ:
- 0 Comments
- 95 views
- Tweet
Email
Print



