Saturday May 18, 2013

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան Ապահովեց Յաջորդ Հանգրուանի Իր Տոմսը` Գրաւելէ Ետք Ա. Խմբակին Առաջին Դիրքը

By adminx - Wed Sep 19, 6:07 am

Լիբանան – Ուզպեքիստան երէկուան մրցումէն

Ճափոնի մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանին իր կատարած վերջին մրցումին, երէկ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը 84-49 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ուզպեքիստանը:

Այսպիսով, Լիբանան, որ արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը, ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը` գրաւելէ ետք Ա. խմբակին առաջին դիրքը:

Յաջորդ հանգրուանին (1-8-րդ), վաղը Լիբանան իր դէմ պիտի ունենայ Բ. խմբակին չորրորդ դիրքը գրաւողը կամ Քաթար – Թայուան մրցումին պարտեալը:

Երէկ Ուզպեքիստանի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, Լիբանանի մարզիչ Ղաասան Սարգիս դաշտ ներկայացուց իր ամբողջական կազմը: Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց խմբապետ Ֆատի Խաթիպ` 37 կէտ եւ 11 ռիպաունտ: Շարլ Թապեթ նշանակեց 13 կէտ, մինչ 10-ական կէտ նշանակեցին Էլի Ռըսթոմ եւ Նատիմ Սայիտ:

Նշենք, որ Լիբանանի ետին իրենց կարգին 7-ական կէտ ապահովելով յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ֆիլիփեան կղզիներ եւ Չինաստան: Ուզպեքիստան հինգ կէտով գրաւեց չորրորդ դիրքը, իսկ Մաքաօ առանց ոչ մէկ կէտի` վերջին դիրքը:

Leave a Reply

Advertisement