Ակնարկ. Քրտական Մտավախութիւնն Ու Ճամբաներու Կուպրապատումը
By adminx - Wed Sep 19, 7:56 am
- 0 Comments
- 266 views
- Tweet
Email
Print
Թուրքիոյ մէջ քրտական շարժումը նոր թափ ստացած ըլլալու նախադրեալները կը փոխանցէ: Տարբեր շրջաններու մէջ ռմբահարումներ, փարթիզանական յարձակումներ, թրքական զօրամիաւորումներու դէմ կազմակերպուած ռազմական գործողութիւններ եւ մասամբ նորին` քրտական գործօնի վերաշխուժացման մասին յստակ համոզում կը ձեւաւորեն: Ի հարկէ դժուար է կանխատեսելը, որ համաքրտական միաւորումի յանգելիք գործընթացի մը սկի՞զբն է այս մէկը, թէ՞ պարագայականութեան մէջ սահմանափակուած մնալու հերթական երեւոյթ է:
Միջազգային մամուլը յամառօրէն եւ հետեւողականօրէն քրտական գարնան մասին ուղերձներ կը փոխանցէ եւ նոր Քիւրտիստանի սահմաններուն ուրուագծումները կը կատարէ: Խնդիրը անշուշտ անմիջականօրէն կրնայ կապուիլ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն հետ` գրեթէ բացարձակացնելով Անգարայի ներգրաւուածութեան տարողութեան հիմնական բաժինը:
Արտաքին ներշնչումները այստեղ եւս գերազդեցիկ նշանակութիւն ունին. պարզ է, որ շրջանին մէջ գործընթացներու ահագնացումը պայմանաւորուած է արտաքին ուժերու թելադրութիւններով եւ օժանդակութիւններով: Քրտական ենթադրեալ գարունը (եթէ իբրեւ քաղաքական եղանակ պիտի կայանայ) բացառութիւն չի կրնար կազմել:
Թերեւս կանուխ է հաստատելը, այսուհանդերձ պէտք չէ աննկատ ձգել երկու շաբաթ առաջ Լիբանանի մէջ ապրող քիւրտերուն կազմակերպած բողոքի ցոյցը` Եւրոպական Միութեան կեդրոնին առջեւ, որուն ընթացքին յայտարարուած հիմնական պահանջը Ապտիւլլա Օճալանի ազատ արձակումն էր: Երկարատեւ ընդմիջումէ ետք վերադարձ կատարող եւ բողոքի քաղաքական հասցէ ճշդած այս ցոյցը նախագարնանային միաւորումներու ընդհանուր շղթայի մէկ օղակը հանդիսանալու նախապատրաստական աշխատանքներուն կրնայ մաս կազմած ըլլալ: Լիբանանեան լրատուադաշտը մթութիւն պահեց այս եղելոյթին վրայ` յայտնապէս թրքական գործօնին հաշուառումը կատարած ըլլալու, եթէ ոչ նկատառելիօրէն թափանցուած ըլլալու տպաւորութիւնը ձգելով:
Տակաւին. Քիւրտերու համաշխարհային երկրորդ համագումարի նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ, կազմակերպողները յստակօրէն կը բանաձեւեն իրենց պահանջները` քրտական ինքնորոշման իրաւունքի յարգումին եւ օրինականացման առումով:
Երէկուան լրատուութիւններուն մէջ ուշագրաւ բաժին մը կրնայ կապ ունենալ Թուրքիոյ ապրած քրտական մտավախութիւններուն հետ: Թրքական լրատուամիջոցները կը փոխանցէին, որ Թուրքիայէն դէպի Հայաստան տանող ճամբան արագօրէն կ՛ընդլայնուի եւ կը կուպրապատուի: Լուրին կ՛ընկերակցէր անմիջական մեկնաբանութիւն` սահմանի հաւանական բացման նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին նշում կատարելով:
Սահման բանալու խաբկանքի քաղաքականութեան հերթական դրսեւորում է ըստ երեւոյթին, որուն կը դիմէ Անգարան: Ամէն անգամ, որ արտաքին ճնշումները բանէին սահման բանալու ուղղութեամբ, Անգարան խաբկանքի գործողութիւն կը կազմակերպէր` ձեւացնելու համար, որ ինք կողմնակից է բնականոն յարաբերութիւններու ստեղծման համար իբրեւ առաջին քայլ սահմանը բանալու: Այս պարագային կրնայ ներքին ճնշումի արդիւնք ըլլալ: Ներքին` քրտական իմաստով:
Ճամբու ընդլայնման եւ կուպրապատման այս ցուցադրութեան ընտրուած ժամանակը հետաքրքրական է: Չմոռնանք, որ սահմանի բացումին դիմաց նախապայմանային քաղաքականութիւնը չէ փոխուած: Առաջին նախապայմանը Արցախի խնդիրն է, որ գէթ այս ժամանակահատուածին սաֆարովեան գործարքի իբրեւ արդիւնք աւելի կարծրացումի գացած է, չըսելու համար, որ հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններու առկախումը պահանջող յայտարարութիւններով յագեցուած է:
Այս ցուցադրութիւնը կրնայ անհանգստացնել Պաքուն: Փաստօրէն, թուրքեւազրպէյճանական հասարակական կազմակերպութեան Իգտիր բաժանմունքը չէ ուշացած իր մտահոգութիւնը հրապարակելու ի տես դէպի սահմանադրան բացում տանող ճամբու ընդլայնումին ու կուպրապատումին:
Թուրքիոյ թիւ մէկ գլխացաւանքը համարուող քրտական խնդիրը Անգարային համար ժամանակաւորապէս շրջանցել կու տայ Պաքուի շահերու նկատառումը: Ինքնորոշման ճանապարհին վրայ գտնուող քիւրտերը կ՛ուզեն ինքնորոշուիլ նաեւ այն տարածքներուն վրայ, որոնք կուպրապատուած եւ ընդլայնուած ճամբաներով թէականօրէն պիտի կապուին Հայաստանի Հանրապետութեան: Իսկ այդ տարածքներու պատկանելիութեան շուրջ ծագելիք վէճն ու մտահոգութիւնը լրիւ ձեռնտու են Անգարային համար, որ այս անգամ կուպրով կ՛ուզէ մոլորեցնել առնչուած կողմերն ու միջազգային հանրութիւնը:
«Ա.»
- 0 Comments
- 266 views
- Tweet
Email
Print



