Thursday Jun 20, 2013

Իրավիճակը Հալէպի Մէջ

By adminx - Wed Sep 19, 7:49 am

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան երէկ «Երկիր Մետիա»-ի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին մանրամասնութիւններ փոխանցեց սուրիահայու մը սպանութեան մասին: Ան յայտնեց, որ զինուորական գործողութիւնները Նոր Գիւղի կարգ մը շրջաններուն մէջ կը շարունակուին տակաւին եւ զօրքը հրասայլերով արդէն իսկ կայք հաստատած է շրջանին մէջ ու բանակայինները կը հսկեն ամէնուրեք: Ռէյիսեան նշեց, որ նիւթական մեծ վնասներ կան, յատկապէս յարկաբաժիններու, գործատեղիներու եւ խանութներու:

Ան ընդգծեց, որ նախանցեալ օր պատահած ընդհարումներուն ընթացքին հայերը զոհեր չունեցան, սակայն արձակազէնի մը զոհ գնաց տարեց հայ մը, որ կ՛ուզէր իր ինքնաշարժին տեղը փոխել: Ռէյիսեան նշեց, որ համաձայն Սուրիոյ կրթութեան նախարարութեան հրամանագիրին 16 սեպտեմբերին դպրոցները բանան իրենց դռները, կարգ մը դպրոցներ բացուեցան, սակայն Ազգային իշխանութեան թելադրութեամբ հայկական վարժարաններու բացումը մէկ շաբաթով յետաձգուեցաւ, այն յոյսով, որ կացութիւնը բարելաւուի եւ աշակերտները վերադառնան դպրոց:

 

 

Leave a Reply

Advertisement