Monday May 20, 2013

Կառավարութիւնը Սաֆատիին Յանձնեց Յաւելումներուն Ֆինանսաւորման Օրինագիծեր Մշակելու Պարտականութիւնը

By adminx - Wed Sep 19, 7:46 am

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք վարչապետարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու միջոցները, ինչպէս նաեւ 2013-ի պետական պիւտճէի նախագիծը:

Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Ղազի Արիտի եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիին յանձնած է պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու առումով օրինագիծեր պատրաստելու պարտականութիւնը:

Տաուք յայտնեց, որ պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձերուն յաւելումները վաւերացուեցան 6 սեպտեմբերին եւ նախանցեալ օր անոնք ենթարկուեցան հիմնական երկու փոփոխութիւններու, որոնք վերջնական են:

Տաուք յայտնեց, որ երէկուան նիստը յատկացուած էր միայն աշխատավարձի յաւելումներու եւ 2013-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումներուն:

Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը տակաւին յստակ թուական մը չէ ճշդած` աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու միջոցները քննարկելու համար:

Տաուք աւելցուց, որ կառավարութիւնը վաղը (այսօր) կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:

Leave a Reply

Advertisement