Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Ստեղծելու Աշխատանքային Այնպիսի Բջիջ Մը, Որ Վերջ Տայ Առեւանգումներուն
By adminx - Wed Sep 19, 7:45 am
- 0 Comments
- 21 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շարունակեց քննարկել Պեքաայի մէջ թմրեցուցիչի ցանքերը փճացնելու, Սուրիոյ մէջ լիբանանցի առեւանգեալները ազատ արձակելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ առեւանգուած քաղաքացիները ազատ արձակելու թղթածրարները:
Այս քննարկումներուն շրջագիծին մէջ նախագահ Սլէյման շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ ապահովական եւ զինուորական կառոյցներուն հետ, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ պէտք է ստեղծել աշխատանքային բջիջ մը, որուն պարտականութիւնը ըլլայ վերջ տալ առեւանգումներուն եւ ձերբակալել ու պատժել առեւանգող կողմերը:
Նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցերը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի եւ տարբեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկայի աշխատանքը` կարգ մը հարցերու մասին:
Այդ հարցերուն շրջագիծին մէջ կը մտնեն նաեւ կրօնները եւ մարգարէները վարկաբեկող քայլերուն դէմ միջազգային օրէնք մը մշակելու կարելիութիւնները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Արժանթինի մէջ Լիբանանի դեսպան Հիշամ Համտանը, որուն հետ քննարկեց Արժանթին կատարելիք իր պաշտօնական այցելութեան նախապատրաստութիւնները:
- 0 Comments
- 21 views
- Tweet
Email
Print




