Thursday Jun 20, 2013

Զօր. Աուն Խստիւ Դատապարտեց «Իսլամներուն Անմեղութիւնը» Ժապաւէնը

By adminx - Wed Sep 19, 7:44 am

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք զօր. Աուն խստիւ դատապարտեց իսլամական կրօնը եւ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող ժապաւէնը` շեշտելով, որ ինք կը զօրակցի Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կեցուածքին, որ շինիչ առաջարկներ տրամադրած է եւ հրշէջի դերակատարութեամբ ամբողջ աշխարհին միտքը լուսաւորած` այդ ժապաւէնը պատրաստող կողմերուն նպատակներուն մասին:

Զօր. Աուն դատապարտեց նաեւ Լիբանանի մէջ գործուող առեւանգումները` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութեան թերացումը` առեւանգումները կասեցնելու իմաստով, բացայայտ դարձած է:

Անդրադառնալով շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերուն, թէ Լիբանանի մէջ իրանեան Յեղափոխական պահակագունդի անդամներ գոյութիւն ունին, զօր. Աուն յայտնեց, որ ըստ երեւոյթին, անոնք ապատեղեկատուութիւն են եւ լիբանանցին հետաքրքրող առաջնահերթ հարցերէն անոր ուշադրութիւնը շեղել կը փորձեն:

Ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` զօր. Աուն յայտնեց, որ Պքերքէի մէջ համաձայնութիւն գոյացած է հիմնական երկու տարբերակի շուրջ` Ուղղափառ հանդիպումին առաջարկած ընտրական օրինագիծը, ինչպէս նաեւ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած, սակայն Լիբանանը միջակ ընտրաշրջաններու բաժնող առաջարկը:

Ընտրական օրէնքին շրջագիծին մէջ զօր. Աուն հարց տուաւ Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնող օրինագիծին մասին:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն կոչ ուղղեց կառավարութեան եւ երկրագործութեան նախարարին` օժանդակելու խնձորի արտածման, ինչպէս նաեւ մշակելու ծրագիր մը, որուն հիման վրայ կարելի ըլլայ նաեւ ապագային լիբանանեան խնձորը արտածել:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement