Վարչապետ Միքաթի. «Երկրին Կայունութիւնը Երաշխաւորելու Կողքին Պէտք Է Նաեւ Գործադրել Որոշ Բարեկարգումներ»
By adminx - Wed Sep 19, 7:42 am
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանին օժանդակող կազմակերպութիւններուն, որոնց շարքին` Եւրոպական Միութեան, Միջազգային դրամատան, ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի եւ այլ միութիւններու ու գրասենեակներու ներկայացուցիչները:
Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ այս հանգրուանին Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու պարտականութիւնը որքան ալ առաջնահերթութիւն ըլլայ իրենց համար, զիրենք պէտք չէ անջատէ բարեկարգումներ գործադրելու պարտականութենէն:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ իրենք մշակած են բարեկարգումի ամբողջական ծրագիր մը` տնտեսական, արդարութեան եւ ընկերային բարգաւաճման նպատակով:
Ան նշեց, որ ինք կը զօրակցի քաղաքական եւ տնտեսական չափաւորականութեան, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կը նկատէ պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութիւնը, յատկապէս տնտեսական բարգաւաճման առումով:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ ինք համաձայն է լիբանանեան պետութեան պատասխանատու դերակատարութեան պահպանումին, օրէնսդրութեան եւ հսկողութեան գործադրութեան, ինչպէս նաեւ ուսման եւ բոլոր քաղաքացիներուն բժշկական հոգատարութեան ապահովումին:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի այցելեց նաեւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի, որ վարչապետին հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քըրթպաուի յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ նշանակել:
- 0 Comments
- 12 views
- Tweet
Email
Print




