Ժոմպլաթ. «Անհրաժեշտ Է Վերատեսութեան Ենթարկել Հանրապետութեան Նախագահին Իրաւասութիւնները»
By adminx - Wed Sep 19, 7:31 am
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց, որ լիբանանցիները կրկնապատկուած պատասխանատուութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուին` Պենետիկտոս ԺԶ. պապին ստորագրած «Առաքելական յորդոր»-ը գործադրելու առումով:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ «Առաքելական յորդոր»-ին գործադրումը պիտի փարատէ բազմաթիւ լիբանանցիներուն վախն ու մտահոգութիւնը եւ աստիճանաբար դուրս պիտի գայ իրականութեան հետ հակադրուող փոքրամասնութեան մտայնութենէն:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ պապին փոխանցած պատգամներուն ընդառաջելու լաւագոյն ձեւը պիտի ըլլայ Թաէֆի համաձայնագիրին կառչած մնալը:
Ան շեշտեց, որ պէտք է անշեղ մնալ լիբանանեան պետութենէն եւ մնայուն կերպով նեցուկ կանգնիլ անոր, որպէսզի կարելի ըլլայ կերտել մէկ եւ միացեալ պետութիւն եւ ոչ թէ փոքր պետութիւններ:
Ժոմպլաթ յայտնեց նաեւ Լիբանանի մէջ տնտեսական նուաճումներ իրագործելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է նաեւ ապահովել ներդրումներ, որոնց հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ դէմ դնել բոլոր հարցերուն եւ դժուարութիւններուն:
«Լիբանանեան պետութեան կերտումով կարելի կ՛ըլլայ բարելաւել նաեւ տնտեսութեան իրավիճակը եւ սանձել լիբանանցի երիտասարդներուն արտագաղթը», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Ան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է նաեւ վերատեսութեան ենթարկել հանրապետութեան նախագահին իրաւունքները եւ մտածել զանոնք աւելցնելու ու ամրապնդելու ուղղութեամբ` առանց Թաէֆի համաձայնագիրին էութիւնը խախտելու:
- 0 Comments
- 35 views
- Tweet
Email
Print



