Thursday May 23, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Wed Sep 19, 7:25 am

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանը Մըքտատ ընտանիքէն եւ սուրիացի քաղաքացիներէ 6 յանցագործներ ամբաստանեց զինեալ խմբաւորում ստեղծելու յանցանքով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի հարց տուաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, թէ ինչո՞ւ ուշացած են «Իսլամներուն անմեղութիւնը» ժապաւէնը դատապարտելու իրենց առաքելութեան մէջ: Հուրի նշեց, որ իրանեան Յեղափոխական պահակագունդի անդամներուն Լիբանան ներկայութեան հաւանականութեան առումով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կեցուածքը գերիշխանական կեցուածք է:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ իրենք պիտի մասնակցին վաղը` հինգշաբթի, 20 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստին:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին մասին նորութիւններ չեն արձանագրուած: Ան աւելցուց, որ առեւանգեալներէն երկու կամ երեք հոգի ազատ արձակելու մասին շրջան ընող լուրերը պարզապէս լուրեր են:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ իրենք դէմ են Լիբանանէն Սուրիա կամ Սուրիայէն Լիբանան զէնքի մաքսանենգումին` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ զէնքը պէտք է լիբանանեան իշխանութիւններուն հրահանգին տակ ըլլայ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող ժապաւէնին վերաբերող յատուկ նիստը նախընտրաբար գումարուի Գահիրէի մէջ` Արաբական լիկային կողմէ, եւ ոչ թէ Նիւ Եորքի մէջ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ 2013-ի պետական պիւտճէի նախագիծին հարցը անոր եկամուտներու բաժինն է` աւելցնելով, որ իրենք կը մերժեն աղքատներուն վրայ տուրքեր պարտադրել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել ներքին ապահովութեան ուժերէն խնդրած է արագացնել Պեքաայի մէջ թմրեցուցիչի ցանքերը փճացնելու աշխատանքը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր յայտնեց, որ «Առաքելական յորդոր»-ը կարելի պիտի չըլլայ գործադրել, բացի եթէ ան օժտուի որոշումներով, որոնք կ՛օժանդակեն գետնի վրայ անոր գործադրութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարած այցելութիւնը պատմական անկիւնադարձային այցելութիւն մըն է, որ մեզի կը մղէ բախումներէն երկխօսութիւն ուղղուելու:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր ողջունեց լիբանանեան բանակը` շեշտելով, որ բանակին բոլոր քայլերը լիբանանեան պետութեան կը վերադարձնեն անոր հեղինակութիւնը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ նախկին նախարար Միշել Սըմահայի ձերբակալման դրդապատճառները պէտք է փնտռել ֆրանսական գաղտնի սպասարկութեան մօտ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան ապազինելու Հըզպալլան:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց սուրիական օդուժին կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ սուրիացի ժողովուրդը իսկական յեղափոխութիւն իրագործած է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է հիւսիսային Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանամերձ շրջանին մէջ լիբանանեան բանակին դիրքաւորումը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի նախագահ Ռամի Ռայիս յայտնեց, որ լիբանանեան հողերուն դէմ սուրիական ներթափանցումներն ու յարձակումները Լիբանանի կողմէ խիստ եւ վճռակամ կեցուածքի կարիք ունին:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ այս հանգրուանը զգայուն է, եւ պէտք է հայեացքները ապագային յարել ռազմավարական մօտեցումով:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Լիբանան խնդրոյ առարկայ է իսլամական կրօնը եւ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող ժապաւէնին հարցով, յատկապէս Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարած այցելութենէն ետք:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement