«Սուրիոյ Մէջ Փոփոխութիւնը Անխուսափելի Է» Կ՛ըսէ Ֆապիւս
By adminx - Wed Sep 19, 7:20 am
- 0 Comments
- 55 views
- Tweet
Email
Print
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ փոփոխութիւնը անխուսափելի է»` նշելով, որ իր երկիրը յետասատեան Սուրիոյ պատկերացում գոյացնելու համար յարաբերութիւններու մէջ է եւ քննարկում կը կատարէ Սուրիոյ տագնապին առնչակից բոլոր կողմերուն հետ, նախ եւ առաջ` Արաբական լիկայի եւ ՄԱԿ-ի հետ»:
Ֆապիւս Գահիրէի մէջ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Արապիի հետ քննարկեցի երկու հարց. առաջինը սուրիական տագնապն էր, իսկ երկրորդը` պաղեստինեւիսրայէլեան դատը»:
Ան ըսաւ, որ իր երկիրը սուրիացի գաղթականներուն քաղաքական աջակցութիւն եւ մարդասիրական օժանդակութիւն կը տրամադրէ` նշելով, որ Փարիզ ցնցուած է ի տես զոհերու, գաղթականներու եւ մարդկային իրաւանց բռնաբարումներու թիւի մագլցումին:
Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ յայտնեց, որ «թրքական ղեկավարութիւնը նախանձախնդիր է թուրք-սէուտական յարաբերութիւնները իրենց բոլոր կողմերով ամրապնդելու եւ անոնց ռազմավարական գործընկերութեան ծիրին մէջ զարգացման ու շարունակման ձգտելու»:
Ան ըսաւ, որ Անգարա եւ Ռիատ ջանք կը թափեն սուրիացի ժողովուրդին ողբերգութեան վերջ տալու եւ «Պաշշար Ասատի վարչակարգին դէմ իր ազատութեան համար պայքարող ու չգոյանալու եզրին գտնուող սուրիական վարչակարգին կողմէ սպանութեան մեքենան դիմակայող սուրիացի ժողովուրդին դէմ գործուող ջարդերը դադրեցնելու»:
Հիւրմիւզլիւ յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի կողմէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Սալման պըն Ապտել Ազիզին իր յանձնած նամակը կը վերաբերէր երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման կարելիութեանց, ինչպէս նաեւ հասարակաց հետաքրքրութիւն նկատուող հարցերու քննարկման: Ան նշեց, որ միջիսլամական զօրակցութիւնը ամրապնդելու եւ իսլամներու դիմագրաւած տագնապներուն, մասնաւորաբար սուրիական տագնապին եւ պաղեստինեան դատին լուծումներ գտնելու համար թուրք-սէուտական համակարգում գոյութիւն ունի:
Թուրքիոյ նախագահի խորհրդականը ընդգծեց, որ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներուն թիւը շրջանցած է 85 հազարը, իսկ թրքական կառավարութիւնը կը փորձէ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ անոնց օժանդակել եւ աշխատանք կը տանի անոնց պէտքերը բաւարարելու: Սակայն Թուրքիոյ վարչապետի գրասենեակին կից արտակարգ դրութեանց եւ աղէտներու կառավարման տնօրէնութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներուն թիւը 83260 է: Անոնցմէ 11678 կը բնակին Ալեքսանտրէթի մէջ, 13745-ը` Այնթապի մէջ, 12561-ը` Քիլիսի մէջ, 29696-ը` Ուրֆայի մէջ, 10670-ը` Մարաշի մէջ, իսկ 4320-ը` Օսմանիէի մէջ: 590 սուրիացիներ թրքական հիւանդանոցներու մէջ կը դարմանուին:
Սուրիական տագնապին սկսելէն ի վեր 122874 սուրիացիներ Թուրքիա մուտք գործած են, ապա անոնցմէ 38814-ը իրենց կամքով վերադարձած են Սուրիա:
Մինչ այդ, թրքական «Թիւրքիյէ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Տիգրանակերտի մէջ գտնուող զօրանոցէ մը զինուորական սարքեր 40 զինուորական մեքենաներով Սուրիոյ սահմանակից Մարտին նահանգ եկած են: Այդ միջոցառումը որդեգրուած է սուրիական քաղաքներուն մէջ բախումներու մագլցման, մասնաւորաբար Թուրքիոյ սահմանամերձ գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու դէմ սուրիական օդուժին կողմէ ռմբակոծման յաւելման լոյսին տակ:
Միւս կողմէ, իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի այսօր Դամասկոս պիտի այցելէ:
- 0 Comments
- 55 views
- Tweet
Email
Print




