Monday May 20, 2013

«Վանայ Ձայն» Կը Մեծարէ Երգչուհի Սապահը

By adminx - Wed Sep 19, 7:15 am

«Վանայ ձայն»-ի տնօրէն Աւետիս Կիտանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ «Վանայ ձայն»-ի հաղորդավարներէն Հալա Հատտատ երէկ այցելեցին լիբանանցի վաստակաշատ երգչուհի Սապահին` Հազմիէի իր կեցութեան վայրին մէջ, եւ զայն մեծարեցին «Վանայ ձայն»-ի յուշանուէրով:

Հանդիպումին ընթացքին հռչակաւոր երգչուհիին տաղանդը մեծապէս արժեւորուեցաւ եւ գնահատուեցաւ պատուիրակութեան կողմէ, յատկապէս նկատի ունենալով Սապահի արուեստը` երգի, շարժանկարի ու թատերական ելոյթներու առումով:

Պէտք է նշել, որ երկար ատենէ ի վեր լրատուամիջոցներու հետ հանդիպումը մերժելէ ետք, Սապահ սիրով ընդառաջեց «Վանայ ձայն»-ի առաջարկին եւ Ժոզեֆ Ղարիպի ու Քլոտա Աքըլի օժանդակութեամբ ընդունեց «Վանայ ձայն»-ի պատուիրակութիւնը:

Այս առիթով Շահրուրա Սապահ շնորհակալութիւն յայտնեց «Վանայ ձայն»-ին եւ շեշտեց, որ Լիբանան առանց հայութեան գեղեցիկ չէ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի գրողներու միութեան ներկայացուցիչ, գրող Ժիհատ Այուպ, որ Սապահի կեանքին ու կենսագրականին մասին հակիրճ ներկայացում մը կատարեց: Նշենք, որ այս առիթով «Վանայ ձայն»-էն վաղը` հինգշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, «Քըլ Եաում Պիաումու» յայտագիրէն կրնաք հետեւիլ «Վանայ ձայն»-ին հետ Սապահի ունեցած յատուկ հարցազրոյցին:

Leave a Reply

Advertisement