Sunday May 19, 2013

Տեսնել Ժողովրդավարական Իրարանցումը Եւ Ջոկելու Առաքինութեան Հասնիլ

By adminx - Wed Sep 19, 5:38 am

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Իտէալ մըն է ժողովրդավարութիւնը, որուն անկատարութեան եւ չարաշահման  ամէն օր կ’անդրադառնանք, բայց  ան կը շարունակէ մնալ հասարակաց կամքի իրականացման ձգտող դրական վարչաձեւ մը` ըլլալով պատուար անազատ կարգերու դէմ:

Բայց ան ինչպէ՞ս կրնայ արդար ըլլալ, երբ կէսէն մէկ աւելին ինքզինք կը պարտադրէ կէսէն մէկ պակասին` ստեղծելով մէկ կէսը միւս կէսին դէմ մնայուն պայքարի մթնոլորտ, ընտրութեան մը արդիւնքներու յայտարարութեան վայրկեանին իսկ սկսելով նոր ընտրապայքարը: Հարցում, որուն պատասխանը ոչ ոք տուած է ցարդ:

Ժողովրդավարութիւնը, հո՛ն, ուր որ ան ընդունուած կարգ է, իր իրերայաջորդ ընտրութիւններով եւ անոնց համար մղուած պայքարներով երկիրները կը պահէ տեւաբար երկրի մը իշխանութեան տիրանալու լարուածութեան մէջ, որ սեփական ծրագիրներու եւ առաջադրանքներու ներկայացումով չի բաւարարուիր, այլ մնայուն աշխատելու եւ խօսելու ոճ կը դառնայ մրցակիցին քննադատութիւնը, նաեւ` խծբծանքը, որ կը նպաստէ հեղինակութիւններու աւերին, վստահութեան խախտումին: Իսկ հեղինակութիւնը կարեւոր է ղեկավարին եւ ղեկավարման համար:

Յաճախ մտածած եմ ժողովրդավարութեան գործադրութեամբ կայացած վճիռին մասին: Եթէ ժողովրդավարական ընտրութեան մը արդիւնքը ստացուի վճռական տոկոսային համեմատութեամբ, օրինակ` 75 կամ 80 տոկոսի, կրնանք ըսել, որ ժողովուրդը խօսեցաւ, վճռեց: Բայց երբ ընտրութեան մը արդիւնքը մէկ կամ անկէ ալ պակաս տոկոսով վճռուած կ’ըլլայ, եթէ պահ մը մտածենք, մենք մեզ կը գտնենք հարցականներու առջեւ, մանաւանդ երբ փորձը ցոյց տուած է, որ անցեալին մրցակիցը նոյն մէկ կամ անկէ նուազ տոկոսով ապահոված էր յաղթանակը:

Այս շփոթեցնող կացութիւնը աւելի լաւ ըմբռնելու եւ հասկնալու համար կ’արժէ նկատի առնել ընտրութեան մը նախորդող շրջանի հարցախոյզերը եւ զանազան անհատներու կամ կուսակցութիւններու վերաբերող տոկոսները` ի  հարկէ միշտ աչքի առաջ ունենալով այն երկիրները, ուր աւատապետութիւնը գրեթէ յաղթահարուած է, ուր իշխանութիւնը ընտանեկան ժառանգութիւն չէ, ուր կայ օրէնքի եւ իրաւունքի գերակայութիւն, տոկոսները 99,99 առ հարիւրով չեն:

Ճիշդ է նաեւ, որ ընտանեկան աւատապետութիւնը ոչ մէկ տեղ բոլորովին չքացած է. հաստատուած է մեր ժամանակին յատուկ նոր աւատապետութիւն մը, դրամի աւատապետութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք` կը ստացուի այն տպաւորութիւնը, որ իշխանութիւնը կը գնուի ուղղակի համ անուղղակի միջոցներով:

Ի՞նչ կ’ըսեն նախընտրական ժամանակի հարցախոյզերը: Հարկ է անոնց ընթերցումը կատարել:

Մի՞թէ ժողովրդավարական ընտրութեան մը իսկական պատկերը այդ հարցախոյզերուն մէջ չի գտնուիր:

Արդարեւ, այդ հարցախոյզերը «ընտրելու» որոշ եւ յատկանշական տոկոսները ցոյց կու տան եւ կ’ըսեն նաեւ, որ մրցակիցներէն ոչ մէկը յաղթելու հնարաւորութիւն ունի: Նոյնիսկ երբ մրցակիցները դաշնակիցներ գտնեն, մեծամասնութիւն ունենալու չեն կրնար յաւակնիլ: Կողմերուն կամ մրցակիցներուն միջեւ կը մնայ տատանող զանգուած մը, փոքրամասնութիւն մը, յաճախ` համոզումներ չունեցող, որ մէկ կամ միւս կողմ թեքելով, ընտրութեան արդիւնքը կը ճշդէ: Այլ խօսքով, ժողովրդավարական ընտրութեան մը արդիւնքը ընդհանրապէս կը ճշդեն տատանողները, որոնք յաջորդ ընտրական ժամադրութեան դիրք կը փոխեն: Այսինքն հերթափոխութիւնը տեղի կ’ունենայ յստակ տեսակէտ չունեցողներու կարծիքի փոփոխութեան պատճառով:

Տակաւին, մեծամասնութիւն կը կազմուի շահակցութիւններով, որոնք անպայման ժողովուրդի մեծամասնութեան ցանկութեան արտայայտութիւնը չեն, այլ իշխանութեան հասնելու ճապկումներ են, ինչպէս կ’ըսեն` «քոմպինացիա»-ներ, առանց ժողովրդական նեցուկի:

Կայ նաեւ այլ ելք. համեմատական (proportionnel) ընտրութեան եղանակը, որ երկրին մէջ գործող ուժերու քարտէսը կը գծէ: Բայց այս պարագային ալ անհատներ եւ անձնաւորութիւններ, որոնք պատկանելիութեան պիտակ չունին, հաւաքական կամք արտայայտող կազմակերպութեան մը մաս չեն կազմեր, ժողովուրդը ներկայացնելու եւ իշխանութեան մաս կազմելու ոչ մէկ կարելիութիւն կրնան ունենալ:

Ժողովրդավարական վարչաձեւը հարկ է պահել` փորձելով տեւաբար զայն բարելաւել: Այդ կարելի է ընել հանրային կարծիքի ճնշումով, ինչպէս կ’ըսուի` «չորրորդ իշխանութեան» դրական դերով, պայմանաւ որ ան ստրկացուած չըլլայ դրամի կայսերապաշտութեան կրունկին տակ, կամ վերածուած չըլլայ որձեւէգ կողմնակալական-կողմնապաշտական խօսափողի, այսինքն լրագրողի եւ հրապարակագիրի անկախութիւնը յարգուի, եւ ստորնացնող գրաքննութիւն չհաստատուի:

Բարելաւումը կարելի է նաեւ իրականացնելով քաղաքացիական դաստիարակութիւնը` վաղ մանկութենէն սկսելով: Դպրոցը իսկական դարբնոցը կրնայ ըլլալ ժողովրդավարութեան բարելաւման: Նոյն այդ քաղաքացիական դաստիարակութիւնը կարելի է տալ զանգուածներուն:

Երբ կ’իմանամ, որ այս կամ երկրի նախագահական թեկնածուն միլիոններ կը ծախսէ իր ընտրապայքարին համար, կ’եզրակացնեմ, որ ժողովրդական կամքը կ’ենթարկուի դրամագլուխին եւ ծանուցումի ընկերութիւններու աճպարարութիւններուն, հետզհետէ` աւելի շեշտուող:

Եթէ դպրոցը կրթէ, եւ անկախ մտաւորականները լուսաբանեն հանրային կարծիքը, ժողովրդավարութիւնը քիչ մը աւելի ժողովրդավարական կը դառնայ:

Բայց կասկած չկայ, որ ժողովրդավարութիւնը անհամեմատօրէն աւելի կ’արժէ, քան` աւատապետութիւնը, բռնապետութիւնը եւ զինուորական իշխանութիւնը:

Սակայն այս դրական գնահատումը պէտք չէ արգիլէ անոր անբաւարարութիւններուն քննադատութիւնը:

Ժողովրդավարութիւնը կը բարելաւուի եւ կը յաջողի գիտակից քաղաքացիներով: Անոնք պիտի յանդգնին ըսել, թէ առանց իրենց` իշխանութիւն չկայ: Այդ յանդգնութիւնը կը յատկանշէ իրաւ քաղաքացին, կամ որեւէ մարդկային հաւաքականութեան եւ կամ կազմակերպութեան անդամը:

Ամբոխները քնացնելու փոխարէն` երբեմն պէտք է աշխատիլ զայն ժողովուրդ դարձնելու համար:

 

17 յուլիս 2012, Նուազի-լը-Կրան

 

 

Leave a Reply

Advertisement