50 Տարի Առաջ ( 19 Սեպտեմբեր 1962 )
By adminx - Wed Sep 19, 5:31 am
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print
Օգնութեան Խաչի
30-Ամեակը Երուսաղէմի Մէջ
(Սեփ. Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)
Հայ օգնութեան միութեան Երուսաղէմի մասնաճիւղին հիմնադրութեան 30-ամեակը տօնուեցաւ 8 սեպտեմբեր 1962-ին, բարձր հովանաւորութեամբ Եղիշէ պատրիարք Տէրտէրեանի: Օրուան բանախօսն էր Անդրանիկ Ուրֆալեան, որ հիւրաբար քաղաքս կը գտնուէր:
Վարչութիւնը ճիգ չէր խնայած պատշաճ փայլ մը տալու համար հանդիսութեան: Գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը` օրուան իմաստին համապատասխան: Իրենց մասնակցութիւնը բերին գաղութիս բոլոր կարեւոր ուժերը:
Բեմը բացուեցաւ ՀՕՄ-ը ներկայացնող կենդանի պատկերով: Վարչութեան ատենապետուհի Վարդուհի Յովհաննէսեան կարդաց հակիրճ եւ խնամուած տեղեկագիր մը` ներկայացնելով ՀՕՄ-ի երեսնամեայ գործունէութիւնն ու կեանքը: Ապա երգչախումբը Համբարձում Գալայճեանի ղեկավարութեամբ, երգեց«Մարալ-մարալ» եւ «Իմ հեռաւոր հայրենիք» երգերը: Իվան Դանիէլեան մեներգեց «Երգիր ինձ համար»-ը յուզական ձայնով մը: Անի Գրիգորեան ապրումով արտասանեց «Լուսաւորչի կանթեղը»:
Բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Ա. Ուրֆալեան, որ կուռ եւ դաստիարակիչ բանախօսութեամբ վեր առաւ հայ կնոջ դերը պատմութեան մէջ: Շեշտը դնելով մանաւանդ մեր ներկայ պայմաններուն` լայնօրէն բացատրեց, թէ ի՛նչ ունի կատարելիք հայ կինը:
Բանախօսը իր խօսքերը վերջացուց խելայեղ ծափահարութիւններու տարափին տակ:
ՀՄԸՄ.ի պարախումբը ստեղծեց արտակարգ խանդավառութիւն: Տոհմիկ պարերը շուտով ստեղծեցին մագնիսացած մթնոլորտ մը:
Իրենց գեղեցիկ եւ առինքնող ձայնով մեներգեցին` Մարի Թորոսեան եւ Մարի Փելթեքեան: Ապա Սարգիս Սէֆէրեան արտասանեց Մ. Իշխանի «Դուք մամիկներ սեւազգեստ»-ը:
Յայտագիրը վերջ գտած էր, երբ օրուան ատենապետը հրաւիրեց պատրիարքը, որ փակման խօսքը ընէ: Սրբազան հայրը իր ծանօթ պերճախօսութեամբ եւ հայրենասիրական սքանչելի ոգիով իր խօսքը ուղղեց կայ կնոջ, ու մանաւանդ ՀՕՄ-ին, որ պատնէշի վրայ կանգնած` իր պայքարի Շուշանիկներու, Սանդուխտներու ոգիով` ձուլման վտանգին դէմ: Պատրիարք հօր խօսքերը խոր տպաւորութիւն թողուցին ներկաներուն վրայ, որոնք չուզեցին բաժնուիլ սրահէն:
ԹՂԹԱԿԻՑ
Արժանթինահայ Բարերարներ
Արզումանեանները Պէյրութի Մէջ
Քանի մը շաբաթէ ի վեր Միջին Արեւելք կը գտնուին Պուէյնոս Այրեսի ծանօթ ազգայիններէն քոյր եւ եղբայր Սիրանուշ եւ Պօղոս Արզումանեանները, որոնք իրենց բարերարութիւններով Արժանթինի հայութեան խոր յարգանքին ու համակրանքին արժանացած են: Պօղոս Արզումանեան, շնորհիւ իր ձեռներէցութեան եւ ուշիմութեան, Պուէյնոս Այրեսի առեւտրական հրապարակին վրայ գրաւած է բարձր դիրք մը` հիմնելով կօշիկի հսկայ գործարաններ:
Քոյր եւ եղբայր Արզումանեաններ Պուէյնոս Այրեսի հայկական բոլոր ձեռնարկներուն իրենք լայն մասնակցութիւնը բերած են: Իրենց բարերարութեամբ շինուած է ապրիլեան յուշարձանը հայոց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Այդ արժանավայել յիշատակարանին համար կարեւոր գումար մը տրամադրած են Արզումանեանները:
Սիրանուշ Արզումանեան Պուէյնոս Այրեսի «Արմենիա» հրապարակի բացման կնքամայրը եղած է` միշտ բարձր պահելով հայուն անունը: Ամէն տարի մայիս 28-ին այդ հրապարակին վրայ կը ծածանի հայկական եռագոյնը:
Վերջերս քոյր եւ եղբայր Արզումանեաններ Արժանթինի նախագահին ներկայանալով` յայտնած են, թէ ծրագրած են 15-20 միլիոն փեսօ արժէքով նախակրթարան մը շինել տալ, զոր պիտի նուիրեն հայերու ասպնջականութիւն տուող Արժանթինի ժողովուրդին, խնդրելով, որ վարժարանը կոչուի «Ռեսփուպլիքա Արմենիա»: Առաջարկը ընդունուած է:
Վարժարանին մէջ միշտ 50 հայ աշակերտ իրենց տեղը պիտի ունենան եւ ապրիլ 24-ին եւ մայիս 28-ին աշակերտութեան պիտի խօսուի Հայաստանի եւ հայութեան մասին:
Այս ազնուական հայերը մօտ երկու շաբաթ մնալէ վերջ Հալէպ, ուր արժանացած են մեծ պատիւներու, առջի օր վերադարձան Պէյրութ: Արզումանեանները երէկ ճաշի հիւրը եղան վեհափառին: Իսկ այսօր կը մեկնին Դամասկոս, ուրկէ պիտի անցնին Երուսաղէմ եւ քանի մը օրէն կրկին պիտի վերադառնան Պէյրութ:
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print



