Saturday May 18, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Wed Sep 19, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Լուռ մնացէք վիճաբանող անձերու մօտ: Ձեր միջամտութիւնը կողմնակալութեան կասկած կ՛արթնցնէ: Այս պարագային լռութիւնը ոսկի է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ կարեւոր հարցեր ունիք կարգադրելու: Օրը շատ յարմար է: Վճարում կամ այցելութիւն` դիւրաւ կ՛անցնի:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր կատարած հաշիւը չի կրնար շուկայի հաշիւին նման ըլլալ, հետեւաբար յաւելեալ գումար ապահովեցէք ձեզ հետ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ ձեր սպասած նամակը կամ փաստաթուղթը ուշանայ, մի՛ մտահոգուիք: Համբերութեամբ ամէն հարց կը կարգադրուի:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Համաձայնագիր մը ստորագրելու առիթ պիտի ունենաք: Ուշադիր եղէք գրուած ժամանակացոյցին: Զգուշացէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գոհունակութեան զգացում պիտի ունենաք ձեր իրագործած աշխատանքին: Կապակցութեամբ ձեր յաջողութեան համար: Մի՛ արտայայտուիք, որպէսզի նախանձողները չբամբասեն:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Փոխեցէք ձեր մտածելակերպը եւ նոր որոշումներ տալու պատրաստուեցէք: Մի՛ հետեւիք ուրիշներուն ըրածին:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նուէր մը կատարելու պարտաւոր էք, կարեւոր չէ գինը, այլ յարմար եւ ճաշակ ցոյց տուողը ընտրեցէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նորաձեւութիւնը կը հետաքրքրէ ձեզ բայց կարեւոր է, որ ան պատշաճի ձեր խառնուածքին եւ ֆիզիքական տուեալներուն:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անկարելին մի՛ ակնկալէք կեանքէն: Ապաւինեցէք միայն ձեր կարողութեան: Օրը կը թելադրէ պարկեշտ մնալ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լուսնին ազդեցութիւնը որոշ բարիք պիտի բերէ ձեր ծրագիրներուն վերելքին: Օրը ունի կարեւոր անձերու հետ հանդիպում:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մակերեսային կամ ոչ` կարեւոր հարցեր մի՛ արծարծէք այսօր: Ձեր կողակիցին կամ ձեր բարեկամին հետ համաձայն մնացէք նոյն մակարդակի վրայ:

Leave a Reply

Advertisement