Յայտարարութիւններ ( 18 Սեպտեմբեր 2012 )
By adminx - Tue Sep 18, 6:00 am
- 0 Comments
- 223 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
Արժ. Տ. Արամ քհնյ. եւ երիցուհի Լուսին Տէյիրմենճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պետիկ Տէյիրմենճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Եդուարդ Տէյիրմենճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գօգօ Տէր Պետրոսեան եւ զաւակը
Տիար Վաչէ Տէր Պետրոսեան
Տէյիրմենճեան եւ Աւետիքեան ընտանիքներ
Տէր Պետրոսեան եւ Չարըքեան ընտանիքներ
Պօղոսեան եւ Մելքոնեան ընտանիքներ
Նալպանդեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՆԻ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2012-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի այսօր` երեքշաբթի, 18 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ չորեքշաբթի, 19 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00, ինչպէս նաեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
————————————————————————————–
ԲԱԽՏԱՒՈՐՈՒԱԾ
Տէր եւ տիկին Արմէն եւ Սալբի Թաշճեան
բախտաւորուած են երկրորդ աղջիկ զաւակով մը`
ԶՈՒԼԱԼ
17 սեպտեմբեր, 2012
Պէյրութ
————————————————————————————–
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը ուրախ է յայտարարելու, թէ 2012-2013 տարեշրջանին համար պիտի շարունակէ համալսարանական ֆոնտի յատկացումները:
Ա.- Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս ԱՖՀԻԼ ֆոնտին կրնան դիմել բոլոր հայ համալսարանականները` առաջին տարիէն սկսեալ:
Բ.- Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս ԱՖՀԻԼ-ի համալսարանական անդամները իրաւունք ունին օգտուելու ֆոնտէն (իւրաքանչիւր ընտանիքէն մէկ համալսարանական), պայմանաւ որ անդամակցած ըլլան 30 սեպտեմբեր 2011-էն առաջ: Կը խնդրուի ներկայանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ, իրենց համալսարանի արձանագրութեան հաստատագիրով:
Գ.- Իւրաքանչիւր ուսանող երկու յաջորդական տարիներ միայն կրնայ օգտուիլ:
Դ.- Հայ համալսարանականները, որոնք ԱՖՀԻԼ-ի անդամ չեն 12 սեպտեմբերէն սկսեալ դիմումնագիրները կրնան ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի կայքէջէն` www.afhil.com
Դիմումնագիրները ԱՖՀԻԼ յանձնելու պայմանաժամ ճշդուած է 29 հոկտեմբեր 2012-ը:
ԱՖՀԻԼ-Ի ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՖՈՆՏ
————————————————————————————–
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
«Աքսոր Գասարճեան ֆոնտ»-ը ուրախ է յայտարարելու, որ 2012-2013 տարեշրջանին համար պիտի շարունակէ համալսարանական ֆոնտի յատկացումները.
Ա.- Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս «Աքսոր Գասարճեան ֆոնտ»-ին կրնան դիմել բոլոր հայ համալսարանականները` առաջին տարիէն սկսեալ:
Բ.- Իւրաքանչիւր ուսանող երկու յաջորդական տարիներ միայն կրնայ օգտուիլ:
Գ.- Դիմումնագիրները կրնան ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն, երկուշաբթի, 17 սեպտեմբերէն մինչեւ ուրբաթ, 28 հոկտեմբեր 2012:
Դ.- Դիմումնագիրները ԱՖՀԻԼ յանձնելու պայմանաժամ ճշդուած է մինչեւ 5 նոյեմբեր 2012:
Ե.- Այս տարեշրջանին իւրաքանչիւր ուսանողի համար պիտի յատկացուի 1.200.000 լ.ո.:
«ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ ՖՈՆՏ»
————————————————————————————–
ՔԱՀԼ-Ի ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐ
Հիմնուած` 1971-ին, Պուրճ Համուտ
Հեռ. 01/260533, 01/260534, 01/266822
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
1.- ՔԱՀԼ-ի Մասնաւոր դասարաններու տնօրէնութիւնը այսու կու գայ տեղեկացնելու, որ 2012-2013 տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը շարունակւին:
2.- Կ՛ընդունինք 6-16 տարեկան երկսեռ աշակերտներ:
3.- Եթէ ձեր զաւակը ունի սորվելու զանազան եւ յատուկ դժուարութիւններ, անյապաղ դիմեցէ՛ք դպրոցին գրասենեակը, ուր անպայման պիտի գտնէք ձեր զաւկին հարցերուն լուծումը:
4.- ՔԱՀԼ-ի դպրոցը կ՛ապահովէ ձեր զաւկին բարելաւումը եւ յառաջդիմութիւնը` մանկավարժական եւ հոգեբանական մասնագիտացած խնամքի եւ յատուկ աշխատանքներու շնորհիւ:
5.- Դպրոցական ծրագիրը կ՛ընդգրկէ սովորական դպրոցներու մէջ դասաւանդուած հետեւեալ նիւթերը.
- Հայերէն, անգլերէն, արաբերէն լեզուներու ուսուցում:
- Թուաբանութիւն եւ համակարգիչ:
- Ինչպէս նաեւ պատմական, աշխարհագրական, գիտական, գեղարուեստական, մարզական եւ ընդհանուր զարգացման զանազան նիւթեր:
- Իւրաքանչիւր աշակերտի դժուարութեան համաձայն` յատուկ նիւթեր:
6.- Փոխադրամիջոց ապահովուած է բոլոր շրջաններուն համար:
7.- ՎԵՐԱՄՈՒՏ - Դասաւանդութիւնները կը սկսին երկուշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2012-ին` առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
Ուշադրութիւն: Դպրոցական տարեշրջանին ընթացքին այլ վարժարաններու աշակերտներ եւս, որոնք լեզուական, հոգեկան, մտային եւ ուսումնական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, կրնան դիմել ՔԱՀԼ, որպէսզի յարմար եւ մասնագիտացած լուծում մը տրուի իրենց հարցերուն:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու – Ֆանար
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
2012-2013 Տարեշրջան
- Երկուշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2012
Նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի Ա.- ԺԲ. դասարաններ:
- Չորեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2012
Մանկապարտէզի` Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններ:
- Հինգշաբթի, 4 հոկտեմբեր 2012
Ծաղկոց
ԾԱՆՕԹ.- Արձանագրութիւնները, ինչպէս նաեւ գրենականի եւ համազգեստի վաճառքը կը շարունակուին մինչեւ 28 սեպտեմբեր:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Արական հագուստի վաճառատուն մը` Պէյրութի կեդրոնական շուկային մէջ, կարիքը ունի նախընտրաբար համալսարանական կամ վաճառելու փորձառութիւն ունեցող, երկսեռ երիտասարդ վաճառողներու, արաբերէն, անգլերէն կամ ֆրանսերէն գիտնալը` պայման:
Վճարումի լաւ պայմաններ, ամսական + շահաբաժին + տաման: Դիմել` հեռ. 01-260013 կամ 03-622643:
—————————————————————————————
ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ
Այնճարի մէջ, 4200 քառ. մեթր, գետեզերք: Հեռաձայնել 03-387439 կամ 03-247807 թիւերուն:
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւն
ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆԻ ՕՐ
20 հոկտեմբեր, 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
———————————————————————————-
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
Senior fellowship of Arm. Evangelical Martyr՛s Congregational Church of Havertown (U. S. A.) կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի
ծախսը` 350 ամ. տոլարով:
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 223 views
- Tweet
Email
Print



