Արթուր Աղաբեկեան` Լեռնային Ղարաբաղի Փոխվարչապետ
By adminx - Tue Sep 18, 7:53 am
- 0 Comments
- 125 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, ՀՅԴ անդամ Արթուր Աղաբեկեան «Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին հաստատեց այն լուրը, որ ինք Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ պիտի ըլլայ: Ըստ անոր, իրեն առաջարկ ներկայացուած է եւ ինք ընդունած է զայն:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք այդ նշանակո՞ւմը եղած է այն գինը, որուն համար ՀՅԴ-ն նախագահական ընտրութիւններուն ժամանակ սատարեց ոչ թէ Վիթալի Բալասանեանին, այլ Բակօ Սահակեանի, Աղաբեկեան նշեց. «Զիս կը նշանակեն` իմ կատարած աշխատանքս գնահատելով: Առաջարկը կատարուած է հաշուի առնելով այն դերակատարութիւնը, որ ես ունեցած եմ Լեռնային Ղարաբաղի զարգացման, տնտեսութեան վերականգնման գործին մէջ, ժողովուրդին հետ աշխատելու փորձառութեան համար, ինչու չէ նաեւ իմ դաշնակցական ըլլալուս հանգամանքը նկատի ունենալով», յայտնեց Աղաբեկեան:
Ան յայտարարեց, որ իր նշանակումը որեւէ կապ չունի այն փաստին հետ, որ Դաշնակցութիւնը նախագահական ընտրութիւններուն սատարեց Բակօ Սահակեանի թեկնածութեան:
- 0 Comments
- 125 views
- Tweet
Email
Print



