Friday May 24, 2013

Հայաստանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Ռազմափորձը

By adminx - Tue Sep 18, 7:52 am

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ գրասենեակը յայտարարեց, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու մասնակցութեամբ «Փոխադարձ գործակցութիւն-2012» միացեալ ռազմափորձը, մասնակից բոլոր ստորաբաժանումներու ամբողջական ներգրաւումով, 19 սեպտեմբերին պիտի սկսի:

17 սեպտեմբերին Մարշալ Բաղրամեանի անուան զօրավարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ռազմափորձի գլխաւոր փորձը` մարտական հրաձգութեամբ, որուն հետեւեցան Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով, բարձրաստիճան զինուորականներ, մասնակից երկիրներու, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան քարտուղարութեան, կազմակերպութեան միացեալ սպայակոյտի ներկայացուցիչները եւ այլն:

Գլխաւոր փորձի ընթացքին ստորաբաժանումները ներդաշնակ եւ փոխադարձ համաձայնութեամբ փորձարկած են ռազմափորձին հոլովոյթը: Արդիւնքները գոհացուցիչ էին, եւ զօրախումբերը գնահատուած են պատրաստ` միացեալ ուժերով «Փոխադարձ գործակցութիւն-2012» ռազմափորձին վճռական հանգրուանին մասնակցելու համար:

Այսօր Հայաստան պիտի այցելէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Սերտիւքով, որ ներկայ պիտի գտնուի այս ռազմափորձին:

 

 

Leave a Reply

Advertisement