Thursday May 16, 2013

Զուիցերիոյ Մէջ Թրքական Հակահայակական Սադրանք

By adminx - Tue Sep 18, 7:50 am

«Նուվել տ՛Արմենի» կը գրէ, որ Թուրքիա այսօր Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի իր դեսպանատան մէջ կազմակերպած է խորհրդաժողով մը, որուն հրաւիրած է ոչ միայն Զուիցերիոյ խորհրդարանի անդամներ, այլ նաեւ` ամերիկացի ժխտողական պատմաբան Ճասթին Մըքարթնին:

Ըստ զուիցերիական «Տէ.Էր.Էս.» ձայնասփիւռի կայանին, հանդիպումին պիտի մասնակցին նաեւ Զուիցերիա-Թուրքիա խորհրդարանական խմբակի ղեկավարները: Նշեալ խմբակի ղեկավար Ալեք ֆոն Կրաֆենրիտ դժգոհութիւն յայտնած է Մըքարթնիիի հրաւիրուելուն համար: Հանդիպումին պիտի մասնակցի նաեւ խմբակի համանախագահ Անտրէաս Կրոս:

«Երբ ոեւէ մէկը ձեզ կը հրաւիրէ, դուք չէք կրնար ճաշացուցակը որոշել: Բայց եւ այնպէս, տանտէրը պէտք է գիտնայ, որ մենք ամէն ինչ չենք ուտեր», ըսած է Կրոս` մատնանշելով ժխտողականութեան քարոզչութիւնը: «Մենք մեզ ապահովագրած ենք` ըսելով, որ մենք ոչ մէկ սադրանք կը փափաքինք: Մեզի այդ հարցով հաւաստիացում տուած են», յայտնած է ֆոն Կրաֆենրիտ:

Այդ դիրքորոշումը քննադատութեան ենթարկուած է Զուիցերիա-Հայաստան բարեկամութեան խմբակի նախագահ Ուելի Լոյենպերկերի կողմէ` ըսելով. «Կը կարծեմ, որ Զուիցերիա-Թուրքիա խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարները կը գործեն բոլորովին անպատասխանատու կերպով»: Ան մտավախութիւն յայտնած է, որ ֆոն Կրաֆենրիտի եւ Անտրէաս Կրոսի ներկայութիւնը թրքական կողմէն պիտի շահարկուի:

Նշենք, որ Զուիցերիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականօրէն պատժելի է:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement