Նախագահ Սլէյման Գոհունակութիւն Յայտնեց Պապին Լիբանան Կատարած Յաջող Այցելութեան Առնչութեամբ
By adminx - Tue Sep 18, 7:43 am
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ գոհունակութիւն յայտնեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարած այցելութեան յաջող ընթացքին գծով` դրուատելով այդ այցելութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած պաշտօնական եւ հոգեւոր անձնաւորութիւններուն մասնակցութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց այդ այցելութիւնը յաջողցնելու իմաստով ի գործ դրուած ջանքերը:
Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ այդ այցելութիւնը ըլլայ խոկումի պահ մը, որուն հիման վրայ կարելի ըլլայ հիմնել ապագան:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ինք պապէն ստացած է շնորհակալական նամակ մը` իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած պաշտօնական եւ ժողովրդային ընդունելութեան առիթով:
Պապը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սլէյմանին` զինք Լիբանան հրաւիրելուն եւ իր այցելութիւնը յաջող եւ հեզասահ անցընելու նպատակով որդեգրուած քայլերուն ու աշխատանքներուն համար:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ վարչական ապակեդրոնացումի նախագիծը եւ կառավարութեան կողմէ զայն վաւերացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ եպիսկոպոսներու պատուիրակութիւն մը, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանին` պապին Լիբանան այցելութեան յաջողութեան անոր բերած նպաստին եւ զօրակցութեան համար:
Հանրապետութեան նախագահին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որ հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ կը գտնուին իրանեան Յեղափոխական պահակագունդի անդամներ:
Նախագահ Սլէյման այդ մասին պաշտօնական բացատրութիւն մը պահանջեց իրանեան իշխանութիւններէն:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց ներքին ապահովութեան ուժերուն վերաբերող հարցեր:
- 0 Comments
- 23 views
- Tweet
Email
Print





