Վարչապետ Միքաթի. «Լիբանան Խիստ Կարիքը Ունի Պաղեստինցի Գաղթականներուն Բնակեցման Դէմ Պայքարելու Նպատակով Ջանքերը Միասնականացնելու»
By adminx - Tue Sep 18, 7:40 am
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ շեշտեց, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի երկրին մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցման ծրագիրին դէմ պայքարելու ջանքերը միասնականացնելու:
Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան եւ պաղեստինցի գաղթականներուն վիճակի բարեկարգումը ֆինանսաւորող միջազգային կազմակերպութիւններուն ներկայացուցիչներուն միջեւ խորհրդակցական հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի ըսաւ, որ պէտք է նկատի ունենալ պաղեստինցի գաղթականներուն կացութիւնը եւ Լիբանանի յատուկ պարագան:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ 2008-ին տեղի ունեցած Վիեննայի խորհրդաժողովէն ի վեր, երբ Նահր Պարետ գաղթակայանին վերաշինութիւնը որոշուեցաւ, Լիբանան ճիգ չխնայեց իր յանձնառութիւններուն նկատմամբ պատասխանատու մնալու` մեկնելով այն համոզումէն, որ պէտք է երկխօսութիւն կատարել` վերահաստատելու համար լիբանանեան-պաղեստինեան փոխադարձ վստահութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ այդ վստահութեան ամրապնդումը կը ծառայէ Լիբանանի շահերուն եւ անոր կայունութեան, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի գաղթականներուն, մինչեւ անոնց տունդարձի իրաւունքին իրականացումը:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ իրենք կը վերանորոգեն իրենց ուխտն ու յանձնառութիւնը` շարունակելու համար նոյն ընթացքը, հակառակ իրենց սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրներուն:
Վարչապետ Միքաթի խստիւ դատապարտեց նաեւ իսլամական կրօնին եւ Մոհամետ մարգարէին վարկաբեկումին նպատակով պատրաստուած ժապաւէնը` շեշտելով, որ այդ ժապաւէնին պատրաստութիւնը խստիւ դատապարտելի է:
Ան շեշտեց, որ պէտք է արաբական եւ միջազգային առումով քայլերու դիմել` դատապարտելու համար այդ ժապաւէնը եւ կանխարգիլելու համար նման փորձերու կրկնութիւնը:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նաեւ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆնէյշ եւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտին:
Նիստէն ետք Ֆնէյշ բաւարարուեցաւ ըսելով, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են կառավարութեան որոշումներուն գործադրութեան եղանակին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեցին նաեւ հիւսիսային Լիբանանի ատամնաբուժներու սենտիքայի նախագահ Ռահիլ Տուէյհի եւ Արժանթինի մէջ Լիբանանի դեսպան Հիշամ Համտան:
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print




