Thursday Jun 20, 2013

Ուաշինկթըն Կը Զգուշացնէ Իր Քաղաքացիները Լիբանան Ուղղուելէ

By adminx - Tue Sep 18, 7:39 am

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց իր քաղաքացիներուն զգուշանալու Լիբանան ուղղուելէ` աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի մէջ կ՛արձանագրուին Միացեալ Նահանգներուն դէմ ուղղուած բողոքի ցոյցեր:

Այս շրջագիծին մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը սառեցուց նաեւ Լիբանանի մէջ իրենց ուսումը շարունակելու համար ամերիկացի ուսանողներուն տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւնները:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Լիբանանի մէջ առեւանգումներ կը կատարուին` լիբանանեան խմբաւորումներու եւ աշիրեթներու կողմէ, ինչպէս նաեւ կ՛արձանագրուին բախումներ` Սուրիոյ տագնապին լոյսին տակ:

«Լիբանանի մէջ յանկարծ ապահովական խախտումներ կրնան պատահիլ եւ մագլցումներ արձանագրուիլ, որոնց ծիրին մէջ Լիբանանի կառավարութիւնը եւ լիբանանեան իշխանութիւնները անկարող կրնան դառնալ երաշխաւորելու օտար քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Ուաշինկթըն Լիբանանի մէջ գտնուող ամերիկացի քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց զգուշանալու իրենց փոխադրութեան ընթացքին:

 

 

Leave a Reply

Advertisement