Զօր. Աուն Ընդունեց Մուսթաֆա Հիւսէյնը
By adminx - Tue Sep 18, 7:34 am
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Հիւսէյնը, որ յայտնեց, թէ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուած է հիւսիսային Լիբանանի եւ գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ:
Հիւսէյն շեշտեց, որ վերջին օրերը փաստած են այդ իրականութիւնը:
Անդրադառնալով քաղաքականութեան եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն` ան շեշտեց, որ անոնք մէկական լարախաղացներ են:
Ընտրական օրէնքին անդրադառնալով` Հիւսէյն շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանը միջակ ընտրաշրջաններու բաժնող, համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը ունենալ:
Նշենք, որ զօր. Աուն շաբաթավերջին պիտի այցելէ Ժեզզին, իսկ 29 եւ 30 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Ժիպէյլ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Ազգային Ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներուն, կուսակցականներուն եւ համակիրներուն հետ:
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print



