Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Tue Sep 18, 7:31 am
- 0 Comments
- 16 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր հովուապետական այցելութեամբ մը կը մեկնի Հնդկաստան. ան Լիբանան պիտի վերադառնայ շաբաթ մը ետք:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ վարչակարգը տապալելու նպատակն է Լիբանանի կայունութիւնը երաշխաւորել եւ Իսրայէլի հետ երկխօսութեան սկսիլ:
«ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, սուրիական օդուժը ռմբակոծած է Արսալի Խըրպեթ Տաուտ շրջանը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը այսօր պիտի շարունակէ Պաալպեքի մէջ թմրեցուցիչի ցանքերուն փճացման աշխատանքը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Իսրայէլ իր վարած քաղաքականութեան ընդմէջէն կը ջանայ իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն միջեւ սադրանքներ նախապատրաստել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ամերիկեան դեսպանատունը մէկ օրուան` միայն երէկուան համար առկախեց այցեգիրներու յանձնումի դրութիւնը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, սուրիացի սալաֆական շէյխ մը եւ լիբանանցի անձնաւորութիւն մը ծրագրած են Սուրիոյ մէջ լիբանանցի ուխտաւորներու առեւանգումը:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին յայտնեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ, որպէսզի պետական պիւտճէին մէջ արձանագրուած նիւթական բացը ֆինանսաւորէ` առանց նիւթական յաւելեալ պարտաւորութիւններ պարտադրելու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Իմատ Հութ շեշտեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ մէկ պետութեան եւ փոքր պետութիւններու վերաբերող ծրագիրներուն միջեւ բախումին վտանգը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Լիբանանի ազգային երկխօսութեան հորիզոնները նեղ են եւ կրնան ապարդիւն դուրս գալ:
ՆԱԽ Լիբանանի երեսփոխանական համախմբումի անդամ Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ Թրիփոլին պատրաստ ական մըն է, որ կրնայ որեւէ ատեն պայթիլ, յատկապէս Պենետիկտոս ԺԶ. պապին կատարած այցելութենէն ետք:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ պապին այցելութիւնը ճամբու քարտէս մըն է, ինչպէս նաեւ սկզբունքներու եւ արժէքներու հաւաքածոյ մը, որուն կառչած պէտք է մնալ:
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ աղբիւրներ «Ռայ» օրաթերթին յայտնեցին, որ պապին այցելութիւնը Լիբանանը վերադարձուցած է այնպիսի մակարդակի մը, որ շատոնց կորսնցուցած էր:
ԿԱԹՈՂԻԿԷ համայնքի տեղեկատուութեան գրասենեակի նախագահ հայր Ապտօ Ապու Քասմ յայտնեց, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութիւնը յոյսի նշոյլ մը կը նկատուի շրջանի բոլոր բնակիչներուն համար:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ընտրական օրէնքին շուրջ կատարուած քննարկումները օժանդակած են, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ գժտութեան շուտ վերջ մը դրուի:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կը ջանայ ընտրական օրէնքը մշակել փոքր ընտրաշրջաններու հիման վրայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ իրանեան Յեղափոխական պահակագունդի անդամներուն գոյութիւնը վտանգաւոր է եւ Լիբանանը Իսրայէլի կողմէ յաւելեալ վտանգի կ՛ենթարկէ:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Հըզպալլայի դէմ կատարուած յայտարարութիւնները կը միտին Դիմադրութեան վրայ ճնշում բանեցնել եւ զայն շրջափակել:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ընդդիմադիր քաղաքական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի վարուելակերպը փաստ մըն է, որ Լիբանանի իսկական վարչապետը Հըզպալլան է եւ ոչ թէ Նեժիպ Միքաթին:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Իրանի կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնները, թէ Լիբանանի մէջ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի անդամներ կան, Լիբանանի մէջ տարակարծութիւնները պիտի սաստկացնէ:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական հեղինակութիւնները յայտնեցին, որ յառաջիկայ երկու օրերուն հանրապետութեան նախագահին պիտի փոխանցեն Ազգային երկխօսութեան նիստին իրենց մասնակցութեան որոշումը: Կը նախատեսուի, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Ազգային երկխօսութեան յաջորդ նիստին պիտի ներկայացնէ պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան իր պատկերացումը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ ինք չէ տեսած եւ չէ լսած լիբանանեան որեւէ շրջանի մէջ իրանեան Յեղափոխական պահակագունդին ներկայութեան մասին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին պատասխանելու սահմանամերձ շրջաններուն վրայ գործուող սուրիական ռմբակոծումներուն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւնները խանգարած են Պենետիկտոս ԺԶ. պապին այցելութեան ստեղծած ապահովութեան եւ հոգեկան խաղաղութեան մթնոլորտը:
- 0 Comments
- 16 views
- Tweet
Email
Print



