«Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու Առաջին Մտահոգութիւնը Իր Ժողովուրդին Պաշտպանութիւնն Է» Ըսաւ Փանեթա
By adminx - Tue Sep 18, 7:25 am
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա նախատեսեց, որ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող ամերիկեան ժապաւէնին դէմ ցոյցերը Միջին Արեւելքի մէջ յառաջիկայ հանգրուանին եւս շարունակուին:
Ան դէպի Ճափոն իր ճամբորդութեան ընթացքին օդանաւին մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ «Միջին Արեւելքի մէջ վերջերս ամերիկեան ժապաւէնին առնչուած դէպքերը մեզի նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ուժեղ ներկայութիւն պահելու կարիքը կը յիշեցնեն»` նշելով, որ «Միջին Արեւելքի մէջ հակաամերիկեան կարգ մը ցոյցերու շարունակման լոյսին տակ, կը թուի, թէ դէպքերը հանդարտած են»:
«Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու առաջին մտահոգութիւնը իր ժողովուրդին պաշտպանութիւնն է եւ Լիպիոյ մէջ կատարուածին չկրկնուիլը», ըսաւ Փանեթա` նշելով, որ «ամերիկացի դեսպան Քրիսթոֆըր Սթիվընզի եւ երեք այլ ամերիկացիներու սպանութեան պատճառ դարձած Պենկազիի մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանին դէմ կատարուած յարձակումէն ետք, լիպիական իշխանութիւնները մեծ ջանք կը թափեն հակազդելու տագնապին եւ անոր առնչակից հարցերը լուծելու»:
Միւս կողմէ, հազարաւոր փաքիստանցիներ երէկ Փաքիստանի մէջ «Իսլամներուն անմեղութիւնը» ժապաւէնին դէմ բողոքի ցոյց կատարեցին: Փեշաուարի ոստիկանութենէն Կիւլ Նաուազխան ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ տեղւոյն համալսարանէն 2500-էն երեք հազար ուսանողներ, դասախօսներ եւ պաշտօնեաներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին: Անոնք ամերիկեան դրօշը հրկիզելէ եւ Փեշաուարի գլխաւոր թաղերէն մէկը փակելէ ետք խաղաղ կերպով ցրուեցան:
Սակայն հիւսիսարեւմտեան Փաքիստանի Օպերտեր շրջանին մէջ ցուցարար մը սպաննուեցաւ եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ ամերիկեան ժապաւէնին դէմ բողոքող ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ փոխադարձ հրացանաձգութիւն տեղի ունեցաւ: Ցուցարարները ոստիկանատուն մը հրկիզեցին:
- 0 Comments
- 40 views
- Tweet
Email
Print




