Thursday May 16, 2013

Գրող Արմէն Դարեանի Ծննդեան 90-ամեակի Նշում

By adminx - Tue Sep 18, 7:22 am

Ուրբաթ, 14 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ գրական շրջանակին եւ «Կամար» գրական պարբերաթերթին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ գրող Արմէն Դարեանի ծննդեան 90-ամեակի նշում:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Նինա Նորշահեան: Ապա օրուան առաջին բանախօս հայր Անդրանիկ Ծ. վրդ. Կռանեանի խօսքը, որ կը կրէր «Դարեան արձակագիրը» խորագիրը, փոխանցեց Սարգիս Նաճարեան:

Իրմա Գապաքեան-Տէտէեան ասմունքեց Արմէն Դարեանի «Մեր հացը» պատմուածքը եւ «Պարտիզպանը» քերթուածը:

Այնուհետեւ «Տիպ ու տառի սպասարկուն» խորագիրով խօսք առաւ Ժիրայր Դանիէլեան: Նանօր Մաճառեան դաշնակի վրայ նուագեց Շումանէն կտոր մը, ապա երգով ու նուագով մեկնաբանեց Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Երկիր հայրենի»-ն:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ մեթր Գասպար Տէրտէրեան: Անոր խօսքը կը կրէր «Արմէն Դարեան մարդը» խորագիրը:

Խօսք առաւ նաեւ այս առիթով յատուկ Մոնրէալէն Պէյրութ ժամանած գրողին այրին, որ ընթերցեց Արմէն Դարեանի զաւկին` Վիգէն Ադդարեանի խօսքն ու շնորհակալիքը` այս ձեռնարկին կազմակերպման առիթով:

Այս առիթով կազմակերպիչները հրատարակած էին նաեւ 28 էջնոց գրքոյկ մը, որուն մէջ ներկայացուած էին Արմէն Դարեանի կենսագրութիւնը, հայ գրողներու կարծիքներ` իր մասին եւ իր գործերէն հատուածներ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement