Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքին Շնորհաւորական Նամակը` Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 21-ամեակին Առիթով
By adminx - Tue Sep 18, 7:19 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
Մեծայա՛րգ տիար Սերժ Սարգսեան
Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան
Երեւան
Վսեմաշո՛ւք տիար նախագահ,
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով ընդունեցէք մեր ամենաջերմ շնորհաւորութիւնները, որոնք միաժամանակ արտայայտութիւնն են Մեր հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, հայ կաթողիկէ համայնքի եւ անոնց հովանաւորութեան տակ գործող բոլոր կառոյցներուն զօրակցութեան` հայկական պետականութեան: Արդարեւ, անկախութեան տօնը առիթ է աշխարհասփիւռ հայութեան համար իր զօրակցութիւնը վերահաստատելու հայկական պետութեան եւ բոլոր մարզերուն մէջ անոր հզօրացման միտող քայլերուն: Անկախութեան տօնը միաժամանակ առիթ է ցուցաբերելու մեր հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ ժողովուրդին միասնականութիւնը, որուն մէջ կը կայանայ հայրենիքին եւ ազգին ուժը: Աւելի քան երբեք այս օրերուն մենք պէտք ունինք միասնականութեան այդ ուժին` դիմագրաւելու համար մեր երկրին եւ մեր ժողովուրդին ուղղուած թշնամական մարտահրաւէրները:
Մեր մաղթանքն է, որ, սիրելի՛ տիար նախագահ, ազգային իւրաքանչիւր տօն հայկական պետութեան շուրջ մեր համախմբուածութիւնը եւ համազգային միաբանութիւնը վերահաստատելու առիթ ըլլայ:
Անկախութեան տօնին առիթով, տիար նախագահ, անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք Ձեզ, եւ Ձեր միջոցով` համայն հայ ժողովուրդը, Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր բարեխօսութեամբ հայցելով Աստուծմէ Իր հովանիին տակ պահել Ձեզ, Հայաստանը, հայկական պետութիւնը, հայոց բանակն ու համայն հայ ժողովուրդը:
Հայրական օրհնութեամբ`
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ
Պէյրութ, 11 սեպտեմբեր 2012
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print




