50 Տարի Առաջ ( 18 Սեպտեմբեր 1962 )
By adminx - Tue Sep 18, 5:31 am
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print
Հայկական Կեանք
Հայաստան
Զրոյց Վ. Համբարձումեանի Հետ
Աստղագիտութեան Յաջողութիւնները
Հայաստանի Մէջ
Օգոստոս 3-ին Երեւանի մէջ բացուեցաւ Միջազգային աստղագիտական միութեան գործադիր կոմիտէին լիագումար նիստը: Այդ առիթով Հայկական հեռագրական գործակալութեան թղթակիցներէն մէկը` Վ. Նազիրեան տեսակցութիւն մը ունեցած է ակադեմիկոս Վ. Համբարձումեանի հետ` Խորհ. Միութեան աստղագիտութեան ձեռք ձգած յաջողութիւններուն մասին: Կու տանք Հայաստանի վերաբերեալ հատուածը:
- Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիային մաս կազմող Բիւրականի աստղագիտարանին մէջ զետեղուեցաւ Շմիթի դրութեամբ գործող մէկ մեթր դիտանցք ունեցող հազուագիւտ հեռադիտակ մը, որ լոյսի ուժի տեսակէտէն աշխարհի ամէնէն մեծն է: Ասկէ զատ, դիտակը ունի աշխարհի ամէնէն խոշոր նկարելու գործիքը, որուն շնորհիւ կարելի է միաժամանակ լուսանկարել բազմահազար շատ թոյլ աստղեր ու դիտել հսկայական տիեզերական պայթումներ, որոնց զօրութիւնը միլիառներով աւելի է ջրածինով ռումբերու պայթումներէն: Նոր դիտակին օգնութեամբ քաշուած են բազմաթիւ նկարներ, որոնք այժմ մանրակրկիտ կերպով կ՛ուսումնասիրուին Բիւրականի մէջ:
Բիւրականի մէջ առաջին անգամ ըլլալով վերլուծեցինք անկայուն աստղերու այն երեւոյթները, որոնք կապուած են աստղային ճառագայթման նոր տեսակին հետ, այսինքն` «ոչ ջերմային» ճառագայթումին, որ կը բխի յիշեալ աստղերու արտաքին շերտերէն եւ կը կրէ չափազանց փոփոխական բնոյթ:
Նուէր` Գրականութեան Եւ
Արուեստի Թանգարանին
Հայ մշակութային կեանքին վերաբերեալ արժէքաւոր տեղեկութիւններ կը բովանդակեն Մոսկուայի եւ Վարշաւայի համալսարաններու համեմատական լեզուագիտութեան ամպիոնի փրոֆեսէօր Լեւոն Մսերանցի դիւանները: Ասոնք վերջերս Մոսկուայէն Երեւան փոխադրուած են գիտնականին քրոջը կողմէ:
Դիւաններուն մէջ կան արժէքաւոր նամակներ` Սմբատ Շահազիզէն, Նորայր Բիւզանդացիէն, Անթուան Մէյէէն, Հենրիխ Հիւպշմանէն, ակադեմականներ Նիկողայոս Մառէն եւ Հրաչեայ Աճառեանէն:
Շինարարութեան Գործը Դանդաղ Կ՛ընթանայ
Հակառակ տարիներէ ի վեր ձեռք առնուած կտրուկ որոշումներուն եւ միջոցներուն, շինարարութեան գործը դանդաղ կ՛ընթանայ Հայաստանի մէջ: Այս ցաւոտ հարցին վերջ տալու համար յատուկ նիստ գումարած են Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայաստանի նախարարներու խորհուրդը:
Յատկապէս «դանդաղ կ՛ընթանան դպրոցներու, հիւանդանոցներու, մանկական նախադպրոցական հիմնարկութիւններու եւ կենցաղային ու մշակութային շէնքերու շինութիւնը»:
Այս երեւոյթին պատճառները, ըստ ժողովականներուն, մէկէ աւելի են: Նախ` «աշխատանքները անբաւարար կազմակերպուած են», մեքենաները եւ փոխադրութեան միջոցները «արդիւնաւէտ ձեւով չեն օգտագործուիր» եւ, վերջապէս, բանուորներուն որակը բարձրացնելու աշխատանքներ չեն կատարուիր:
Շթորայի Կազդուրման Կայանի Տղոց Հետ
Եւ Անոնց Համար
Շատ մը տեղեր գեղեցիկ սովորութիւն դարձած է Մանուկներու օրուան տօնակատարութիւնը: Հոս ամէն օր տեղի կ՛ունենայ մանուկներու հաճելի հանդէս:
Մենք խօսած ենք արդէն, Լիբանանի Հայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան կրթական եւ գթութեան կամ խնամատարական աշխատանքներուն մասին:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Լիբանանի օգնութեան խաչը տարուէ տարի վերելքի մէջ է, ուր որ հայութիւն գոյութիւն ունի այնտեղ կայ Օգնութեան խաչի մասնաճիւղ մը:
Կազդուրման կայանի երրորդ խումբն ալ ասկից պիտի մեկնի այս ամսուան վերջը:
Տեսանք, որ ժողովուրդը հետզհետէ կը գնահատէ այս օգտաշատ ձեռնարկը եւ կը փափաքի, որ յառաջիկային աւելի շատ թիւով մանուկներ բերուին հոս եւ բարոյապէս ու նիւթապէս օժանդակութիւն ըլլայ այս մեծ կազմակերպութեան:
Մանուկը շնորհ է, կեանքի յաղթանակն է: Հոս բերուած տղաք կորովի գեղեցկութիւն ունին, պէտք է մօտենալ ասոնց եւ լսել ցեղին ձայնը: Գգուանք մը, շաքար մը անոնց վիշտը կը փարատէ եւ անուշիկ դէմքերը կը փայլին վերստին զուարթութեան շողերով:
Հոս մեր մէջ ունեցանք երեսփոխան Խաչիկ Պապիկեանը` հանդերձ ընտանեօք: Յարգելի երեսփոխանը իր պզտիկներուն տարեդարձը փոխանակ Պէյրութի իր տան մէջ կատարելու` ազնիւ գաղափարը յղացած էր Կազդուրման կայանի փոքրիկներուն մէջն ըլլալու եւ այժմէն գործնական լաւ դաս մը տալու իր հոգեհատորներուն:
Բերած էին առատ ուտելիքներ, զանազան անուշեղէններ եւ պտուղներ: Ճաշեցին միասին, ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ:
Հայ երեսփոխանին անուշիկ պզտիկները իրենց ձեռքերով զանազան սիրուն խաղալիքներ բաժնեցին յիսունէ աւելի հայ մանուկներուն:
Վստահ ենք, թէ ուրիշներ եւս օրինակ պիտի առնեն:
Մեր ցեղային վաղեմի առաքինութիւնները տակաւին կուռ ժայռեր են:
Մեր հինաւուրց բարի ընտանիքները, անոնք մէկ հատիկ երազ ունէին, որ հայ մանուկներ աճին, զօրանան, մեր աշխարհի անտառը բարձրանայ վերստին:
«Աղբալեան» վարժարան, «Աղբալեան սրահ եւ Կազդուրման կայան»` ասոնք մէյ մէկ ուխտատեղիներ են:
Աղբալեանն է, որ միշտ կը խօսի մեզի:
Գ. Գ. ԳՈՒՏՈՒԼԵԱՆ
1962 սեպտեմբեր 11
Շթորա
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print



