Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
By adminx - Tue Sep 18, 5:30 am
- 0 Comments
- 88 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Սխալին անդրադառնալը իմաստութիւն է: Զայն չկրկնելը հաւատարմութիւն` տրուած խոստումին: Հետեւեցէք այս փիլիսոփայութեան:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Իրականութենէն խուսափիլը անիմաստ է, հետեւեցէք այս օրուան ստեղծած հարցերուն: Ջայլամի քաղաքականութիւնը զուր է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երկմիտ, կասկածամիտ ըլլալը կը վնասէ ձեր գործունէութեան ծաղկումին: Քաջութիւն ցուցաբերելու պահը եկած է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գիտցէք, որ աշխարհի վրայ ձեզմէ զատ լաւ մարդեր կան: Ինքնավստահ ըլլալը յատկանիշ է, հետեւաբար յարգեցէք նաեւ միւսին ուժը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Միտք պահեցէք մարզանքին կարեւորութիւնը, որպէսզի մինչեւ հիմա անկէ ստացած ձեր առողջութիւնը պահպանէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հարցի մը մանրամասնութիւններով մի՛ հետաքրքրուիք: Հիմնականը թեմային ճշգրիտ մեկնաբանութիւնն է: Ականջ մի՛ կախէք ըսի-ըսաւներու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անակնկալ օժանդակութիւն մը ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրացնէ: Յուսալքումը պիտի հեռանայ այսօր:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձախողութիւն մը յաճախ դուռ կը բանայ նոր նուաճումներու: Անհաւատալի է այս, բայց նոյն ատեն` իրականութիւն: Ուրախ եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ձեր փնտռածը չգտնէք այսօր, մի՛ յուսահատիք: Անդրադարձէք պատճառին, որպէսզի շրջանցէք սխալ մտածումը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մի՛ պահէք ձեր գիտածը: Երբ հրաւիրուիք, դրական պատասխան տուէք: Համարձակ եղէք` ըստ պահանջի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր սիրած անձը կը սպասէ, որ առաջին քայլը դուք առնէք: Ձեր խօսքը հիմնական է` ձեր յարաբերութեան ծաղկումին:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Տակաւին առիթը ունիք օգտուելու ծովի բարիքէն: Ձեր մարմինը պէտք ունի արեւի ջերմութեան: Այս առնչութեամբ ժամանակ յատկացուցէք առողջութիւնը յարգելու:
- 0 Comments
- 88 views
- Tweet
Email
Print



