Յայտարարութիւններ ( 17 Սեպտեմբեր 2012 )
By adminx - Mon Sep 17, 6:00 am
- 0 Comments
- 268 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերուհիներէն
ՄԱՐԻ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2012-ին:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ մասնաճիւղի վաստակաշատ ընկերուհիներէն
ՄԱՐԻ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2012-ին:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Յովհաննէս Այնթապլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարօ Այնթապլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զոհրապ Այնթապլեան եւ զաւակունք
Տիար Աբրահամ Այնթապլեան
Տիար Վարուժ Այնթապլեան
Տիկին Արփինէ Այնթապլեան եւ զաւակունք
Տիկին Անահիտ Այնթապլեան եւ զաւակունք
Օրիորդ Արշօ Այնթապլեան
Տիկին Սիլվա Այնթապլեան եւ զաւակունք
Կէօզիւպէօյիւքեան եւ Տիպ ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ եւ հարազատին`
ՄԱՐԻ ԼՈՒԹՖԻ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1944-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Տահր Պաշեք հիւանդանոցին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի այսօր` երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ սրահը, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ երեքշաբթի, 18 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Արժ. Տ. Արամ քհնյ. եւ երիցուհի Լուսին Տէյիրմենճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պետիկ Տէյիրմենճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Եդուարդ Տէյիրմենճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գօգօ Տէր Պետրոսեան եւ զաւակը
Տիար Վաչէ Տէր Պետրոսեան
Տէյիրմենճեան եւ Աւետիքեան ընտանիքներ
Տէր Պետրոսեան եւ Չարըքեան ընտանիքներ
Պօղոսեան եւ Մելքոնեան ընտանիքներ
Նալպանդեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, մօրաքրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ԱՆԻ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2012-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի երեքշաբթի, 18 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ չորեքշաբթի, 19 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00, ինչպէս նաեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Վիգէն Ճեհիզեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Շաքէ Քնճոյեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ռոժէ եւ Նորա Ռըզք եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ռամեզ եւ Անահիտ Ազար եւ զաւակունք
Տիկին Արփինէ Սրիաֆօ եւ զաւակունք
Աճեմեան եւ Արթին Աղա ընտանիքներ
Վարդանեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, քրոջ եւ հարազատին`
ՄԱՏԼԵՆ ՃԵՀԻԶԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԱՃԵՄԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 15 սեպտեմբեր 2012-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի այսօր` երկուշաբթի, 17 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ, իսկ երեքշաբթի, 18 սեպտեմբերին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
————————————————————————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Պետրոս Տաուտեան
Տիար Ռազմիկ Տաուտեան
Տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիտա Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տաուտեան եւ Գրիգորեան ընտանիքներ
Քէշիշեան եւ Պայրամեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, եղբօր եւ հարազատին`
ՍԻՄՈՆ ՊԵՏՐՈՍ ՏԱՈՒՏԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2012-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի այսօր` երկուշաբթի, 17 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ երեքշաբթի, 18 սեպտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, նոյն վայրին մէջ:
————————————————————————————–
ԲԱԽՏԱՒՈՐՈՒԱԾ
Տէր եւ տիկին Մուրատ եւ Ծովինար Գալֆայեան
բախտաւորուած են աղջիկ զաւակով մը`
ԱԼԻԱԿ
15 սեպտեմբեր, 2012
Պէյրութ
————————————————————————————–
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՖՀԻԼ իրերօգնութեան սնտուկը ուրախ է յայտարարելու, թէ 2012-2013 տարեշրջանին համար պիտի շարունակէ համալսարանական ֆոնտի յատկացումները:
Ա.- Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս ԱՖՀԻԼ ֆոնտին կրնան դիմել բոլոր հայ համալսարանականները` առաջին տարիէն սկսեալ:
Բ.- Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս ԱՖՀԻԼ-ի համալսարանական անդամները իրաւունք ունին օգտուելու ֆոնտէն (իւրաքանչիւր ընտանիքէն մէկ համալսարանական), պայմանաւ որ անդամակցած ըլլան 30 սեպտեմբեր 2011-էն առաջ: Կը խնդրուի ներկայանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակ, իրենց համալսարանի արձանագրութեան հաստատագիրով:
Գ.- Իւրաքանչիւր ուսանող երկու յաջորդական տարիներ միայն կրնայ օգտուիլ:
Դ.- Հայ համալսարանականները, որոնք ԱՖՀԻԼ-ի անդամ չեն 12 սեպտեմբերէն սկսեալ դիմումնագիրները կրնան ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի կայքէջէն` www.afhil.com
Դիմումնագիրները ԱՖՀԻԼ յանձնելու պայմանաժամ ճշդուած է 29 հոկտեմբեր 2012-ը:
ԱՖՀԻԼ-Ի ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՖՈՆՏ
————————————————————————————–
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
«Աքսոր Գասարճեան ֆոնտ»-ը ուրախ է յայտարարելու, որ 2012-2013 տարեշրջանին համար պիտի շարունակէ համալսարանական ֆոնտի յատկացումները.
Ա.- Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս «Աքսոր Գասարճեան ֆոնտ»-ին կրնան դիմել բոլոր հայ համալսարանականները` առաջին տարիէն սկսեալ:
Բ.- Իւրաքանչիւր ուսանող երկու յաջորդական տարիներ միայն կրնայ օգտուիլ:
Գ.- Դիմումնագիրները կրնան ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն, երկուշաբթի, 17 սեպտեմբերէն մինչեւ ուրբաթ, 28 հոկտեմբեր 2012:
Դ.- Դիմումնագիրները ԱՖՀԻԼ յանձնելու պայմանաժամ ճշդուած է մինչեւ 5 նոյեմբեր 2012:
Ե.- Այս տարեշրջանին իւրաքանչիւր ուսանողի համար պիտի յատկացուի 1.200.000 լ.ո.:
«ԱՔՍՈՐ ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ ՖՈՆՏ»
————————————————————————————–
ԽԱՉԵՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ
ԿԱԶՄԱՒՈՐՄԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ
Հեռ. 04-410001
2012-2013 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ
ԼՐԱՑՈՒՑԻՉ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
տեղի կ՛ունենան հինգշաբթի, 20 սեպտեմբերէն սկսեալ, եւ ամէն հինգշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, ժամը 16:00-էն 18:00:
ՎԵՐԱՄՈՒՏ
Ուրբաթ, 5 հոկտեմբեր 2012, ժամը 16:00-ին:
Կ՛ԱՒԱՆԴՈՒԻՆ`
BT-ի եւ TS-ի ծրագիրներ եւ հայերէն յատուկ դասանիւթեր:
ՎԱՐԻՉ
————————————————————————————–
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԹՈՐՈՍԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
ՎԵՐԱՄՈՒՏ 2012-2013
Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանը Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի շարունակէ ծառայել դաստիարակութեան առաքելութեան` 2012-2013 տարեշրջանին, մանկապարտէզէն մինչեւ պրէօվէի դասարան:
Առ այդ, արձանագրութիւնները սկսած են եւ կը շարունակուին մինչեւ 27 սեպտեմբեր, երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 8:30-1:00:
Նախկին թէ նորեկ աշակերտներ պարտին արձանագրութիւն կատարել:
Նորեկ աշակերտներ արձանագրուելու համար պէտք է ներկայացնեն անցնող տարուան վիճակացոյցը, անձնաթուղթի լուսապատճէն, 1 լուսանկար, նախորդ դպրոցէն վարքի հաստատագիր եւ կառավարութեան մօտ աշակերտին թիւը (իֆետէ):
Վերամուտի թուականներ
- Պրէօվէ դասարան` 17 սեպտեմբեր 2012, առաւօտեան ժամը 8:30-ին:
- Նախակրթարան եւ միջնակարգ` 28 սեպտեմբեր 2012` առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
- Մանկապարտէզ` 4 հոկտեմբեր 2012, առաւօտեան ժամը 8:00-ին:
Կը խնդրուի նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն ծնողներէն 28 սեպտեմբերի առաւօտը, իսկ մանկապարտէզի աշակերտներուն ծնողներէն 4 հոկտեմբերի առաւօտը իրենց զաւակներուն հետ ներկայանալ դպրոց` միասնաբար պաշտամունքով սկսելու տարեշրջանը:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ՍՐԲՈՑ ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ֆանար – Հեռ. 01-891068/99
Յառաջիկայ 2012 – 2013 դպրոցական տարեշըր-ջանի արձանագրութիւնները կը վերսկսին երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերին, ամէն օր առաւօտեան ժամը 8:30-էն – 13:00, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն:
Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը, միշտ հետամուտ լաւագոյնին, օժտուած է արդի մանկապարտէզի բոլոր բաժիններով, սկսեալ Ծաղկոցէն` 2 տարեկան փոքրիկներուն համար, մինչեւ աւարտականի կենսաբանական, ընդհանուր գիտութեան եւ ընկերատնտեսագիտական դասարանները:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
—————————————————————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
- Վեր. եւ տիկին Մկրտիչ եւ Սեդա Գարակէօզեան կը պատուեն իրենց ծնողները` Գարակէօզեան եւ Մելքոնեան ընտանիքները եւ կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի ծախսը` 300 ամ. տոլարով:
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւն
ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆԻ ՕՐ
20 հոկտեմբեր, 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
———————————————————————————-
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
Senior fellowship of Arm. Evangelical Martyr՛s Congregational Church of Havertown (U. S. A.) կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի
ծախսը` 350 ամ. տոլարով:
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 268 views
- Tweet
Email
Print



