Եգիպտոս – Միացեալ Նահանգներ Դիւանագիտական Լարուածութիւն
By adminx - Mon Sep 17, 7:18 am
- 0 Comments
- 66 views
- Tweet
Email
Print
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրօ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ դեսպանատուներու ապահովութիւնը ամրապնդուած է: Ան նաեւ նշեց, որ Եգիպտոս կը մերժէ իսլամութիւնը վարկաբեկող ժապաւէնը:
Քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթը երէկ հաղորդած էր, որ Գահիրէի փոխանցուած է ամերիկեան պատգամ մը, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի միջեւ յառաջիկայ շաբաթ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 67-րդ նիստի ծիրին մէջ նախատեսուած հանդիպումը Գահիրէի մէջ ամերիկեան դեսպանատան դէմ իրերայաջորդ յարձակումներու լոյսին տակ չեղեալ նկատուելու սպառնալիքը կը դիմագրաւէ:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի վարչապետ Հիշամ Քանտիլ Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած է բոլոր անհրաժեշտ միջոցներուն ձեռնարկելու, որպէսզի ապագային բացառուին իսլամներու զգացումները վիրաւորող ժապաւէնները, որոնք արաբական աշխարհը կը զայրացնեն:
Ան «Պի.Պի.Սի.»-ի արաբական ծառայութեան հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին ընդգծած է, որ կրօնական զգացումներու վիրաւորանքները անթոյլատրելի են, այնպէս ինչպէս անթոյլատրելի են բողոքի այն ցոյցերը, որոնք կը վերածուին բռնարարքներու:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թունուզի եւ Սուտանի մէջ իր դեսպանատուներու աշխատակիցներն ու անոնց ընտանիքները հեռացուց այդ երկիրներէն: Այդ դեսպանատուներուն մէջ պիտի մնան միայն այն աշխատակիցները, որոնց ներկայութիւնը չափազանց կարեւոր է դեսպանատան աշխատանքին համար:
Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թունուզի մէջ գտնուող ամերիկացի բոլոր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` հեռանալու այդ երկրէն:
Փարիզի մէջ ֆրանսական ոստիկանութիւնը շաբաթ օր ձերբակալեց շուրջ 100 հոգի, որոնք մասնակցեցան Փարիզի մէջ ամերիկեան դեսպանատան առջեւ իշխանութիւններուն կողմէ չարտօնուած ցոյցին: Անոնք կը բողոքէին «Իսլամներու անմեղութիւնը» ժապաւէնին դէմ: Ֆրանսական ոստիկանութիւնը կը նշէ, որ ցուցարար իսլամները սալաֆական շարժումի անդամներ էին:
Քայիտայի Արաբական թերակղզիի թեւը իսլամներուն կոչ ուղղեց դեսպանատուները հրկիզելու եւ դեսպանները սպաննելու` իբրեւ բողոք «Իսլամներու անմեղութիւնը» ժապաւէնին դէմ:
Կազմակերպութիւնը իր յայտարարութեան մէջ կ՛ըսէ, որ «իսլամները պէտք է հետեւին Օմար Մուխթարի յետնորդներուն օրինակին, որոնք Պենկազիի մէջ սպաննած են ամերիկեան դեսպանը»:
«Թող դեսպանատուներու վտարման քայլը նաեւ քայլ դառնայ իսլամական երկիրները Միացեալ Նահանգներու տիրակալութենէն ազատագրելու ուղղութեամբ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ անոր հեղինակներուն, Միացեալ Նահանգներու մէջ պատրաստուած ժապաւէնը «խաչակիրներու կողմէ իսլամներու դէմ մղուող պատերազմին մաս կը կազմէ»:
Նշենք, որ ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ «Իսլամութիւնը վարկաբեկող ժապաւէնը պատրաստողները ղպտի քահանայ Զաքարիյա Պութրոսի հետեւորդներէն են»:
- 0 Comments
- 66 views
- Tweet
Email
Print




