Sunday May 26, 2013

Վարդանեան. «Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը Որակապէս Մէկ Աստիճան Բարձր Է»

By adminx - Sat Sep 15, 7:28 am

Երէկ Ազգային ժողովի աւանդական զրոյցին ընթացքին լրագրողները Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանին հարցուցին, թէ թիւ 1 եւ 35 ընտրատարածքներուն մէջ ՀՅԴ-ն պիտի առաջադրէ՞ պատգամաւորական իր թեկնածուները:

Պատգամաւորը յայտարարեց, որ կուսակցութեան մէջ որոշ նախնական քննարկումներ եղած են, բայց վերջնական որոշում տակաւին չկայ: «Մէկ բան յստակ է, որ անկախ մեր վերջնական որոշումէն, մենք ամէն օր պիտի շարունակենք մեր ուղղութիւնը, մեր գիծը, մեր ճշմարտութիւնը առաջ տանիլ: Երկու ընտրատարածքի թափուր մնալու հարցին մէջ, կը կարծեմ, որ ամէն ինչ տակաւին վերջնական չէ: Ճիշդ ժամանակին մենք որոշում պիտի տանք», նշեց ան:

Անդրադառնալով նախանցեալ օր Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ Ռամիլ Սաֆարովի գործով ընդունուած դատապարտող բանաձեւին` Աղուան Վարդանեան ընդգծեց, որ մինչեւ հիմա եղած արձագանգներէն, յայտարարութիւններէն եւ կոչերէն երէկուան բանաձեւը ամէնէն ընդգրկունն էր:

«Եւրոպայի տեսակէտը ես կը դժուարանամ ըսել, քանի որ գիտէք, թէ ինչպէս կը ձեւաւորուի Եւրոպական խորհրդարանը: Բայց համաձայն եմ, որ այս բանաձեւը որակական առումով մէկ աստիճան բարձր էր: Անշուշտ, կար դարձեալ որոշակի, չըսեմ, հաւասարակշռում, բայց, այսուհանդերձ, առաջին անգամ կար բաւական յստակ, կէտ առ կէտ մտահոգութիւններու արտայայտում», նշեց պատգամաւորը:

 

Leave a Reply

Advertisement