Wednesday Jun 19, 2013

Պենետիկտոս Ժզ. Պապը Պատմական Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Լիբանան Եւ Ստորագրեց «Առաքելական Յորդոր»-ը

By adminx - Sat Sep 15, 7:36 am

Լիբանան` պատգամի երկիրը երէկ իր պաշտօնական թէ ժողովրդային ներկայացուցիչներով ընդունեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապը:

Յովհաննէս Պօղոս Բ. նախորդ պապին Լիբանան կատարած այցելութենէն 15 տարի ետք, Պենետիկտոս ԺԶ. պապը պատմական այցելութեամբ ժամանեց Լիբանան, ուր ան արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:

Եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան ժամանած պապը դիմաւորելու պարտականութեամբ, երկրին իշխանութեան երեք պետերը, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Լիբանանը բաղկացնող տարբեր համայնքներու հոգեւոր պետերը, որոնց կարգին` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, մեծ թիւով նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակն ու տարբեր երկիրներու դեսպանները, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր լիբանանցի հաւատացեալներ ուղղուեցան Պէյրութի միջազգային օդակայան` դիմաւորելու համար պապը:

Օդանաւին մէջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ. պապը կոչ ուղղեց կասեցնելու դէպի Սուրիա զէնքի ուղարկումը:

«Զէնքի մատակարարումը մեծագոյն մեղքն է եւ պէտք է զայն անմիջապէս ու վերջնականապէս կասեցնել», ըսաւ ան:

85-ամեայ պապը, որ «Ալիթալիա» օդանաւային ընկերութեան օդանաւով Հռոմէն հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ընդունուեցաւ թնդանօթի 21 հարուածով:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետ Միքաթի, իրենց տիկիններով, ինչպէս նաեւ Ռայի պատրիարքը դիմաւորեցին պապը` անոր օդանաւէն իջած պահուն:

Ապա Պենետիկտոս ԺԶ. պապը դիմաւորեց Լիբանանի պաշտօնական անձնաւորութիւններու պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, նախկին վարչապետներ զօր. Միշել Աուն եւ Ֆուատ Սինիորա, հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ շարք մը հոգեւոր պետեր, որոնց շարքին` Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան եւ տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան:

Լիբանանի եւ Վատիկանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, նախագահ Սլէյման արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ան ողջունեց պապը եւ բարի գալուստ մաղթեց անոր:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց այս հանգրուանին երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով Լիբանանի յատկանիշները, որոնց շրջագիծին մէջ արդարութեան եւ ազատութեան նկատմամբ յարգանքը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ պապին կատարած այս այցելութիւնը պատմական է, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ան ժամանած է սուրբ հող նկատուող երկիր մը, ուրկէ անցած են Յիսուս Քրիստոս եւ մեծ թիւով սուրբեր:

«Լիբանանեան ընտանիքը ձեզ կը դիմաւորէ իր բոլոր համայնքներով եւ շերտերով: Լիբանանցիները շնորհակալութիւն կը յայտնեն այս այցելութեան համար եւ կ՛ողջունեն Լիբանանի նկատմամբ ձեր սէրը, ինչպէս նաեւ բարձր կը գնահատեն Լիբանանը իր բոլոր շերտերով եւ բազմազանութեամբ գանձի մը նմանցնելու ձեր արտայայտութիւնը», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման ըսաւ, որ պապին կողմէ Լիբանանը կը ներկայացուի իբրեւ օրինակելի վայր մը` բազմազանութեան եւ միասնականութեան առումով, հակառակ անոր որ ան կը դիմագրաւէ բազմաթիւ դժուարութիւններ:

Նախագահ Սլէյման նաեւ դիտել տուաւ, որ պապին այցելութիւնը կը միտի փաստել քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը` արաբական աշխարհին սպառնացող փոթորիկներուն զուգահեռ:

Նախագահ Սլէյման աւելցուց, որ ինք հպարտ կը զգայ, որ ներկայ պիտի գտնուի պապին կողմէ «Առաքելական յորդոր»-ի ստորագրութեան արարողութեան:

Իր կարգին, Պենետիկտոս ԺԶ. պապը արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց Լիբանանէն իր յայտարարելիք «Առաքելական յորդոր»-ին կարեւորութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ այդ յորդորը պատգամ մըն է, որ Լիբանանէն պիտի ուղղուի ամբողջ Արեւելքին եւ հոն գտնուող քրիստոնեաներուն:

Պապը նշեց Լիբանանի դիմագրաւած ցաւալի դէպքերը, որոնց լոյսին տակ ընդգծեց տարբեր համայնքներուն միջեւ համերաշխութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ինք Լիբանան կ՛այցելէ իբրեւ խաղաղութեան ուխտագնացութիւն եւ այդ պատճառով ալ իր այցելութեան կարգախօսին վերածած է Յիսուս Քրիստոսի «Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի» պատգամը:

Պենետիկոս ԺԶ. պապը հաստատեց, որ ինք Միջին Արեւելքի բոլոր ժողովուրդներուն բարեկամն է:

Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանցիներուն` գնահատելով անոնց միասնականութիւնն ու ներդաշնակութիւնը եւ հաստատելով, որ լիբանանցիներուն համերաշխութիւնը պէտք է Միջին Արեւելքին եւ ամբողջ աշխարհին ցոյց տայ, որ կայ երկիր մը, որ իր տարբեր համայնքներով համերաշխ կ՛ապրի եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութիւնը կ՛իրականացնէ:

«Լիբանանեան այս հաւասարակշռութիւնը օրինակելի է եւ զգայուն, ինչպէս նաեւ ենթակայ սպառնալիքներու, երբ ան կ՛ենթարկուի ճնշումներու: Հետեւաբար, պէտք է ըլլալ չափաւորական, հաւասարակշռուած եւ իմաստուն», ըսաւ ան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր այցելութիւնը յաջողցնելու նպատակով ի գործ դրուած ջանքերուն համար:

Պենետիկտոս ԺԶ. պապն ու նախագահ Սլէյման արտասանելէ ետք իրենց խօսքերը ուղղուեցան օդակայանի սպասման սրահը, ուր պապը հանգստանալէ ետք ուղղուեցաւ Հարիսա:

Նշենք, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ թռիչքները երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:00-3:00 դադրեցան` պապին այցելութեան առիթով:

Պապը, որ եկած է Լիբանան իր օրհնութիւնը փոխանցելու լիբանանցիներուն եւ շրջանի քրիստոնեաներուն, ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ օդակայանէն ուղղուեցաւ Վատիկանի դեսպանատունը, Հարիսա:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պենետիկտոս ԺԶ. պապը Հարիսայի յոյն կաթողիկէ համայնքի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ ստորագրեց «Առաքելական յորդոր»-ը, ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյմանի:

Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ պապը ստորագրեց Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ուղղուած Առաքելական յորդոր»-ը, որ սակայն չբաժնուեցաւ Հարիսա ուղղուած բազմահազար հաւատացեալներուն: «Առաքելական յորդոր»-ը այսօր պիտի փոխանցուի Լիբանանի քաղաքական ղեկավարներուն, իսկ կիրակի օր պիտի ընթերցուի Կեդրոնական Պէյրութի մէջ մատուցուելիք պատարագին ընթացքին:

Պապը իր արտասանած խօսքին մէջ ողջունեց կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը, հանդուրժողականութեան եւ քրիստոնէական արժէքներուն` սիրոյ, եղբայրութեան եւ գործակցութեան հիման վրայ գործելու կարեւորութիւնը:

«Ս. Խաչի տօնին առիթով կը մաղթենք, որ Առաքելական յորդոր»-ը լաւապէս գործադրուի: Անհրաժեշտ կը նկատենք քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութիւնը Լիբանանի մէջ եւ կոչ կ՛ուղղենք անվարան կառչած մնալու ճշմարտութեան: Այս է խաչին լեզուն եւ հրաշքը, որ մեր ցաւերը կը վերածէ յոյսի եւ հաշտութեան, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակէ, որ վիրաւոր եւ բաժնուած երկիրները միասնական դառնան: Այս խօսքերը բանաստեղծութիւն չեն,  այլ պատգամ, որ կ՛օժանդակէ եկեղեցիներուն ամրապնդելու իրենց զաւակներուն հաւատքը», ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը:

Իր կարգին, յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ակնարկեց Առաքելական յորդոր»-ին եւ նշեց, որ անիկա կ՛անդրադառնայ նաեւ արաբ-իսրայէլեան տագնապին եւ կոչ կ՛ուղղէ քրիստոնեաներուն կառչած մնալու իրենց հողին:

Լահհամ պատրիարքը շեշտեց, որ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ տագնապին լուծումը կ՛երաշխաւորէ արաբական աշխարհին դիմագրաւած հարցերուն լուծումը, կը կասեցնէ շրջանէն քրիստոնեաներուն արտագաղթը,  ինչպէս նաեւ իսկական խաղաղութիւն կը հաստատէ Միջին արեւելքի մէջ:

Leave a Reply

Advertisement