Saturday May 25, 2013

Վարչապետ Միքաթի – Քոնելլի Հանդիպում

By adminx - Sat Sep 15, 7:31 am

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ կարելի չէ ամբողջ ժողովուրդ մը պատասխանատու նկատել Մոհամետ մարգարէին եւ իսլամութեան վարկը աղաւաղող ժապաւէնին, որ կասկածելի նպատակներ կը հետապնդէ եւ յստակ է, որ սադրանքներ նախապատրաստելու միտումով պատրաստուած է: Վարչապետ Միքաթի խստիւ դատապարտեց Պենկազիի ամերիկեան հիւպատոսարանին դէմ գործուած յարձակումը եւ դեսպանին ու դեսպանատան դիւանագիտական անձնակազմին երեք պատասխանատուներուն սպանութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Քոնելլի յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը ոչ մէկ կապ ունի պատրաստուած պժգալի ժապաւէնին հետ, որ կը վարկաբեկէ բոլոր ժողովուրդները, ինչ կրօնի ալ պատկանին անոնք:

Քոնելլի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը յարգեն բոլոր կրօնները եւ դաւանանքները: «Մենք սխալ կը նկատենք նաեւ տարբեր երկիրներուն եւ պետութիւններուն դիւանագիտական անձնակազմերը թիրախ դարձնելու փորձերը` հաստատելով, որ այդ անձնակազմերուն նպատակը խաղաղ է», ըսաւ ան:

Քոնելլի կոչ ուղղեց բոլոր երկիրներու ղեկավարներուն բռնարարքները կանխարգիլելու ջանքեր ի գործ դնելու, ինչպէս կատարած են հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր:

ՆՇԵՆՔ, որ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քոնելլիի հետ եւ անոր ցաւակցութիւն յայտնեց Լիպիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ամերիկեան դեսպանին եւ դեսպանատան անձնակազմին պաշտօնեաներուն սպանութեան առիթով:

Մանսուր դատապարտեց իսլամական կրօնն ու Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող ժապաւէնը եւ անոր պատճառով Լիպիոյ մէջ ցուցաբերուած քստմնելի հակազդեցութիւնը:

 

 

Leave a Reply

Advertisement