Thursday May 23, 2013

Նուր Հրապարակին Վրայ Բողոքի Ցոյց` «Իսլամներուն Անմեղութիւնը» Ժապաւէնին Դէմ

By adminx - Sat Sep 15, 7:30 am

Թրիփոլիի «Քէյ Էֆ. Սի. – Հարտիզ» ճաշարանը` հրդեհներու մէջ

Թրիփոլիի Նուր հրապարակին վրայ երէկ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց`«Իսլամներուն անմեղութիւնը» ժապաւէնին դէմ:

Ուրբաթ օրուան նամազէն ետք ցուցարարները կատարեցին այդ ցոյցը, որուն ընթացքին անոնք հրդեհ բռնկեցուցին «Քէյ. Էֆ. Սի.- Հարտիզ» ճաշարանին մէջ եւ բախումներ արձանագրուեցան ցուցարարներուն ու ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ:

Հրդեհը խլեց զոհ մը` Մոհամետ Այուշա, որ ճաշարանին պաշտօնեաներէն էր:

Բախումներուն պատճառով վիրաւորուեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերէն սպայ մը:

Ցոյցին ընթացքին արձանագրուեցան նաեւ կրակոցներ:

Աւելի ուշ ցուցարարները փորձեցին ներխուժել նաեւ Թրիփոլիի սերայը` քարկոծելով եւ ապակեայ շիշեր նետելով ներքին ապահովութեան ուժերուն վրայ:

Քարկոծումին պատճառով վիրաւորուեցան ներքին ապահովութեան ուժերու անդամ 18 ոստիկաններ:

Պէտք է նշել սակայն, որ ներքին ապահովութեան ուժերը օդին մէջ կրակեցին` ցրուելու համար ցուցարարները, եւ շրջափակեցին Թրիփոլիի սերայը` արգիլելու համար ցուցարարներուն մուտքը:

Լիբանանեան բանակը օժանդակեց ներքին ապահովութեան ուժերուն` հակակշիռի տակ առնելու տիրող իրարանցումը:

ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ ապահովութեան ուժերը խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին ամերիկեան մակնիշով «Քէյ. Էֆ. Սի.- Հարտիզ» եւ «Մըք Տանըլտծ» ճաշարաններուն շրջակայքը` կանխարգիլելու համար Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած դէպքերուն կրկնութիւնը:

Leave a Reply

Advertisement