«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Հոլովոյթը Այլընտրանք Չունի» Կ՛ըսէ Պրայզա
By adminx - Sat Sep 15, 7:25 am
- 0 Comments
- 145 views
- Tweet
Email
Print
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախկին համանախագահ, Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան, Պաշտպանական հետազօտութիւններու միջազգային կեդրոնի(Էսթոնիա) ղեկավար Մեթիու Պրայզա ազրպէյճանական «1news.az» կայքէջին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին դիւանագիտական լուծումը ոչ միայն կարելի է, այլ նաեւ բանակցութեան սեղանի վրայ դրուած է:
Ան նշած է, որ հակառակ «Սաֆարովի գործին», Լեռնային Ղարաբաղի հարցով հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին: «Խաղաղ հոլովոյթը այլընտրանք չունի», շեշտած է Պրայզա` պատասխանելով հաւանական պատերազմի մասին հարցումին:
Ընդգծելով Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը «այս երկխօսութիւնը շարունակելու հարցին մէջ» եւ առանձնացնելով մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի գործօնը` Պրայզա այն կարծիքը յայտնած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւս կրնայ նպաստել հոլովոյթին:
Պրայզա ընդգծած է, որ Քլինթընի հետ տագնապին լուծման հարցով զրոյց ունեցած է եւ անոր այն տեսակէտը յայտնած է, թէ հարցին լուծումը պէտք է պայմանաւորուած ըլլայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու` կողմերու մօտեցումները առաւելագոյնս մերձեցնելու քաղաքականութեամբ:
Նշենք, որ Պրայզա մէկ օր առաջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, որ «ազրպէյճանցիները այսօր չեն կրնար Ղարաբաղին վերատիրանալ: Անոնք ռազմականապէս այդ մէկը ընելու պարզապէս ի զօրու չեն»:
- 0 Comments
- 145 views
- Tweet
Email
Print



