Wednesday May 22, 2013

Իսլամութիւնը Վարկաբեկող Ժապաւէնին Դէմ Ցոյցերը Կը Շարունակուին

By adminx - Sat Sep 15, 7:20 am

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Եմէնի նախագահ Ապետ Ռապպօ Մանսուր Հատիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ` քննարկելու համար Սանաայի մէջ ամերիկեան դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումին հարցը: Օպամա պահանջեց պաշտպանել Եմէնի մէջ ամերիկացի դիւանագէտներն ու պաշտօնատարները: Ան նաեւ Եմէնի նախագահին շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումին իր «արագ դատապարտումին» համար եւ ողջունեց այդ դէպքին շուրջ հետաքննութեան յայտարարութիւնը:

Եմէնի նախագահը իր կարգին յայտնեց, որ «կարելի ամէն բան պիտի ընէ»` Եմէնի մէջ ամերիկացիները պաշտպանելու համար եւ դեսպանատան շուրջ ապահովութիւնը պիտի ամրապնդէ: Իրողական գետնի վրայ, եմէնեան ապահովական ուժերը երէկ ցրուեցին ցուցարարները, որոնք կը փորձէին ամերիկեան դեսպանատան մօտենալ, իսկ150 ամերիկացի նաւազներ Եմէն հասան` ամրապնդելու համար Սանաայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան պաշտպանութիւնը եւ ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութեանց ապահովութիւնը:

Մինչ այդ, երէկ առաւօտեան Եմէնի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մօտ պայթում մը տեղի ունեցաւ:

Միւս կողմէ, Քուէյթի մէջ ցուցարարներ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող ամերիկեան ժապաւէնին դէմ բողոքի ցոյց մը կատարեցին` բարձրացնելով Քայիտայի դրօշը եւ բացագանչելով «Բոլորս Ուսամա ենք». անոնք կ՛ակնարկէին Քայիտայի ղեկավար Ուսամա պըն Լատենի, որ անցեալ տարի Փաքիստանի մէջ ամերիկեան մասնայատուկ ուժերու կողմէ սպաննուեցաւ:

Պանկլատեշի մէջ ցուցարարներ փորձեցին ամերիկեան դեսպանատուն ներխուժել, իսկ Սուտանի մայրաքաղաք Խարթումի մէջ ցուցարարներ Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ դեսպանատուն ներխուժեցին:

Գահիրէի մէջ ոստիկանութիւնը ետ մղեց 500 ցուցարարներ, որոնք կը փորձէին ամերիկեան դեսպանատան մօտենալ: Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Իրաքի, Յորդանանի, Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ:

Միւս կողմէ, Լիպիոյ Պենկազի քաղաքին վերեւ թռիչքները երէկ քանի մը ժամով «ապահովական պատճառներով» արգիլուեցան, ապա վերստին արտօնուեցան:

Անանուն անձ մը, որ ինքզինք ներկայացուց իբրեւ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող «Իսլամներու անմեղութիւնը» ժապաւէնին իրաւատէրը, «Ռատիօ Սաուա» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ անոր հետ կապ չունին եւ ինք չի զղջար: Ան նաեւ ըսած է, որ մտադիր է ժապաւէնը իր ամբողջութեամբ ցուցադրել` նշելով, որ անոր տեւողութիւնը շուրջ երկու ժամ է, իսկ համացանցին վրայ զետեղուածը միայն 14 վայրկեան է:

Leave a Reply

Advertisement