Աղօթք` Պենետիկտոս Ժզ. Սրբազան Քահանայապետի Ժամանումին Ընդառաջ
By adminx - Sat Sep 15, 7:13 am
- 0 Comments
- 53 views
- Tweet
Email
Print
Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութեան սպասումով եւ առ ի պատրաստութիւն անոր ժամանումին, հինգշաբթի 13 սեպտեմբերի երեկոյեան հայ կաթողիկէ կղերական դասի ներկայացուցիչներն ու հայ հաւատացեալները ի մի հաւաքուեցան` իրենց աղօթքը բարձրացնելու առ Աստուած, հայցելով, որ այս այցելութիւնը ըլլայ արգասաբեր ու ներգործող:
Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կայացած աղօթքի այս հաւաքին հանդիսապետեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի օգնական եպիսկոպոս Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան:
Աղօթքի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Ան ըսաւ, որ այս աղօթքով կը պատրաստուինք Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետի Լիբանան ժամանումին, որ ուղղուած է Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան իմաստի վերագտնումին: Հայր Սեպուհ անգամ մը եւս շեշտեց, որ սրբազան քահանայապետը Լիբանան կու գայ իր խաղաղութիւնը շնորհելու եւ ամրապնդելու հաւատացեալները` իբրեւ «մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի»: Բացման խօսքէն ետք մասնակիցները տեսանիւթի մը ընդմէջէն ծանօթացան Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետի կենսագրութեան:
Աղօթքը կատարուեցաւ երեք հանգրուաններով: Առաջին հանգրուանը Խաչն էր` խորհրդանիշ տառապանքի, կեանքի փրկութեան եւ զօրութեան, երկրորդը` խօսքին շուրջ` որ լուսաւորող դաստիարակն է հոգիներուն եւ երրորդը` Խաղաղութիւնը, որ քրիստոնեաներուն առաքելութիւնն է Արեւելքի մէջ` առ ի հետեւութիւն երկրի վրայ Յիսուս Քրիստոսի քայլերուն: Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի առաջնորդութեամբ, աղօթքի մասնակիցները նախ հայցեցին Ս. Հոգիի ներշնչումը, ապա խոկացին Աստուծոյ խօսքին շուրջ հասնելու համար սրտի մտերմիկ զրոյցի: Աղօթքի եզրափակիչ մասին մէջ յատկապէս պաղատանք բարձրացաւ առ Աստուած` վասն Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու հոգեւոր կեանքի, քրիստոնէական վկայութեան եւ քրիստոնէական ընտանիքի ու երիտասարդութեան զօրացման:
- 0 Comments
- 53 views
- Tweet
Email
Print



