Մուսա Լերան Հերոսամարտի 97-ամեակ. Մարիձա Յովհաննէսեանի Մայրիկին Վկայութիւնը Կամ Յովնան Տիւքենճեանին Ոդիսականը
By adminx - Sat Sep 15, 5:42 am
- 0 Comments
- 228 views
- Tweet
Email
Print
Ե. ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Մարիձա Յովհաննէսեան մայրիկը Այնճարի տարեցներէն է. թեւակոխած է արդէն իր կեանքի 92-րդ տարին: Հակառակ յառաջացած տարիքին, սակայն, յիշողութիւնը աւելի քան պայծառ է: Հիմա ալ անսխալ կ՛աղօթէ գրաբարով, զոր սորված է ոչ թէ դպրոցէն կամ եկեղեցիէն, այլ իր մեծ հօրմէն, որ ինչպէս ինք կ՛ըսէ, Մուսա լերան Խտրպէկ գիւղէն եղած է եւ պատմական սօսիին մօտ խանութ ունեցած է:
Դարձեալ գուրգուրանքով ծրարին մէջէն կը հանէ իրենց հայրենի տան լուսանկարը` ինծի ցոյց տալու համար, որ երկյարկանի տուներէն է, մեծ տարածում գտած Մուսա լերան գիւղերուն մէջ:
Բաւական երկար գրաբարով աղօթքը կ՛արտասանէ երկիւղածութեամբ, մեծ հաւատքով եւ անսխալ:
Մարիձա մայրիկը բազմանդամ ընտանիքի զաւակ է: Հայրը` Յովնան Տիւքենճեանը, 1890-ի ծնունդ եղած է, իսկ մայրը` Փառանձեմ Աղապեանը` 1893-ի: Ընտանիքը ունեցած է վեց զաւակներ` չորս աղջիկ եւ երկու մանչ: Իրմէ մեծ ունեցած է քոյր մը` Մարիամ, 1915-ի ծնունդ, որ մօր հետ լեռ բարձրացած է հերոսամարտի ընթացքին: Ինք` Մարիձա մայրիկը, 1920-ի ծնունդ է. իրմէ փոքր ունեցած է երկու քոյրեր` Սիման, որ 1923-ի ծնունդ է, եւ փոքր քոյրը` Աննան: Երկու եղբայրները` Եփրեմ եւ Յովհաննէս, յաճախած են Խտրպէկի կաթողիկէներու մանկապարտէզը: Ինք եւ քոյրերը դպրոց չեն յաճախած, որովհետեւ այն ատեն աղջիկները դպրոց չէին ղրկեր…
Բարեկեցիկ ընտանիք եղած է իրենց ընտանիքը: Պարտէզներ ունեցած են նարինջի եւ ձիթապտուղի, բաւական ընդարձակ տարածութեամբ: Երկու տարուան «մունէ»-ն կը պահէին կարասներուն մէջ, իսկ մնացեալ ձէթը կը ծախէին: Բարօր կեանք մը ապրած է ընտանիքը մինչեւ 1915, երբ ամէն բան խանգարուած է:
1915-ի նախօրեակին, երբ թրքական պետութիւնը պարտադիր զինուորագրութեան հրահանգ կ՛արձակէ բոլոր երիտասարդներուն համար, շուրջ 40 երիտասարդներ կ՛որոշեն Անտիոք ներկայանալ եւ «պէտէլ» վճարել (պետութեան կողմէ որոշուած գումար` զինուորութենէ զերծ կացուցուելու համար):
Կ՛երթան քառասուն հոգիով Անտիոք, իւրաքանչիւրը կը վճարէ 40 դեղին ոսկի, սակայն փոխանակ ազատ արձակուելու` բոլորը կը բանտարկուին խանի մը մէջ:
Անտիոք մեկնելէ առաջ Մարիձա մայրիկին կեսրայրը (կեսուրէն իմացած է այս մասին)` Մովսէս Յովհաննէսեանը, կնոջ ցոյց կու տայ զէնքերու պահեստին տեղը` ըսելով, թէ` «հոդ թէ՛ կուսակցական զէնք կայ, թէ՛ նաեւ անձնական, եթէ բան մը պատահի մեզի, տղոց կ՛ըսես, որ զէնքերը առնեն»:
Քառասուն հոգին բանտարկուած կը մնան երկու շաբաթ: Երկու օրը անգամ մը մտրակով զինուորները կը ծեծեն զիրենք, ամբողջութեամբ կողոպտելէ ետք:
Օր մըն ալ, գիշերով, ձեռքերնին կապուած` խանէն զիրենք կը հանեն փոխադրելու համար: Ամիքի շրջանին մէջ, բանտարկեալներէն մէկուն ոտքը ուռած ըլլալով, ուշ կը մնայ խումբէն եւ «կ՛արժանանայ» թուրք զինուորի հայհոյանքին եւ կիցին, որ կ՛ըսէ` «գնա՛, հոդ սատկէ»: Կ՛իյնայ փոսի մը մէջ: Գիշերը կը մտնէ ցորենի արտ մը եւ «ֆրիք» կ՛ուտէ (չկարծրացած ցորենի հատիկներ):
Գիշերը կը քալէ դէպի Անտիոք: Կամուրջին վրայ զինուորներ պահակ կեցած են լոյսով: Կը յաջողի լողալով կամուրջին տակէն միւս կողմ անցնիլ եւ իր հետքը պարտէզներուն մէջ կորսնցնել: Քալելով կը յաջողի հասնիլ Մուսա լեռ եւ բոլորին կը պատմէ իրենց խումբին մասին` ցոյց տալով մտրակին հետքերը իր մարմնին վրայ…
Բոլորը կը ցնցուին իրենց լսածներէն: Կապը վերջնականապէս կը կտրուի մնացեալ 39 հոգիներուն հետ:
Շուտով արդէն հրահանգ կու գայ մուսալեռցիներու տարագրութեան: Մայրը իր միակ աղջկան` Մարիամին հետ լեռ կը բարձրանայ` ժողովուրդին միանալով:
***
1919-ին, երբ մուսալեռցիները Փոր Սայիտէն կը վերադառնան իրենց հայրենի գիւղերը, բարի օր մը յանկարծ կը յայտնուի ընտանիքին հայրը` Յովնան Տիւքենճեանը, բոլորը զարմացնելով:
Ահա թէ ինչ կը պատմէ հայրը անցնող չորս տարիներուն մասին:
«Մեր խումբը Հալէպ չհասած` զինուորական կեդրոն մը տարին, եւ ձեռքերնուս կապերը քակելով` մեծ վրանի մը մէջ նետեցին: Ամէն մարդ համոզուած էր, որ մեզ պիտի սպաննեն:
Յաջորդ օր մեզ իրարու կապուած` գետին պառկեցուցին: Ըսինք` այս է, պիտի կրակեն վրանիս: Սակայն զէնքի ձայն չելաւ, այլ լսեցինք ձիերու սմբակներուն ձայնը: Հասկցանք, որ ձիերով մեզի պիտի կոխկռտեն: Քշեցին ձիերը մեր վրայ, սակայն ի զարմանս թուրք սպային, ձիերը իրենց ոտքերը կը դնէին փոքր պարապութեան մէջ, եւ ոեւէ մէկը չկոխկռտեցին: Անհաւատալի աստուածային կարգադրութիւն էր, անբացատրելի: Սպան զայրացած` կը պոռար.
- Այս ի՞նչ է, նոյնիսկ անասունները չեն կոխեր այս կեաւուրներուն վրայ: Նետեցէք զանոնք վրանին մէջ, ե՛ս գիտեմ, թէ ասոնց հաշիւը ինչպէ՛ս պիտի մաքրեմ:
Գիշերը միասին որոշեցինք փախչիլ վրանէն: Գիտէինք, որ առտու մեզ պիտի գնդակահարեն: Թերեւս փախչելով` ազատուող ըլլար:
Որոշուածին համաձայն, ուշ գիշերին բոլորս միասին տարբեր ուղղութիւններով վրանէն դուրս խուժեցինք: Իւրաքանչիւրը անորոշ ուղղութեամբ վազեց: Կարկուտի պէս գնդակ տեղաց վրանիս: Առանց ետեւ նայելու` վազեցինք, հա՛ վազեցինք: Երբ բաւական հեռացած էի եւ կանգ առի շունչ քաշելու համար, տեսայ, որ միայն երկու հոգի կար ետեւս…
Որոշեցինք, որ ամէն մէկս տարբեր ուղղութեամբ քալենք եւ երթանք գիշերը մուրալու:
Ես մտայ գիւղ մը եւ դուռ մը զարկի: Դուռը բացաւ աղջիկ մը: Ջուր խնդրեցի, սակայն դուռը փակուեցաւ, հաւանաբար` վախնալով իմ տեսքէս: Ուրիշ տան մը դուռը զարկի: Դարձեալ կին մը բացաւ: Ըսի իրեն` «ղարիպ» եմ, ջուր եւ հաց կ՛ուզեմ: Կինը խօսեցաւ ներսը ամուսինին հետ, որ դուրս ելլելով, տեսնելով զիս երիտասարդ, առաջարկեց, որ իր քովը աշխատիմ` ուտելիքի փոխարէն…
Սկսայ հովիւութեան: Օրական ինծի մէկ հաց կու տային շունին հացէն, եւ գիշերը ծառին տակ կը պառկէի: Ուրիշ քիւրտ աղա մը զիս տեսնելով` կ՛առաջարկէ, որ իր քով աշխատիմ, լաւ կերակուր եւ քնանալու տեղ կը խոստանայ: Այս քիւրտը տեսաւ իմ երիտասարդ ըլլալս, կնկան ըսաւ, որ լաւ ճաշ տուր այս մարդուն, որ լաւ աշխատի…
Հոս համեմատաբար աւելի լաւ էի: Հացին հետ թան ալ կար, ձմեռը անասուններուն ախոռին մէկ անկիւնը կը քնանայի…
Նկատեցին, որ պարտիզպանութենէ կը հասկնամ, ծառերու եւ խաղողի այգիները յօտելու պարտականութիւն տուին ինծի: Զարմացան, երբ մեծ ողկոյզներով խաղող տեսան յաջորդ տարի…
Չորս տարի մնացի այս քիւրտ աղային մօտ` առանց որեւէ վճարումի: Կարեւորը ողջ մնացի: Եւ երբ լսեցի, որ մերինները վերադարձած են, անմիջապէս ձգեցի ամէն բան եւ եկայ ընտանիքս փնտռելու…
Փա՛ռք Աստուծոյ, վերագտայ ընտանիքս: Աստուած թող տունը քանդէ թուրքին:
***
- Է՜, ինչ պատմեմ տղաս,- կ՛ըսէ Մարիձա մայրիկը: Աչքերը արցունքով լեցուն են:
Մայրս, մեծ քոյրս, մեծ մայրս ու մեծ հայրս լեռ ելլելով` փրկուեցան: Հօրեղբայրս` Մովսէս Տիւքենճեանը եւ կեսրայրս` Մովսէս Յովհաննէսեանը անդարձ կորսուեցան:
Պէտք է յիշեմ, որ կեսրայրիս մօտ պահուած զէնքերը հոն չմնացին: Երբ անոնց տեղը ըսուեցաւ լերան պատասխանատուներուն, գիշերով տղաք իջան լեռէն, գտան այդ զէնքերը եւ լեռ տարին:
***
Մարիձա մայրիկը յոգնեցա՞ւ արդեօք պատմելէն, թէ՞ մտքով վերադարձաւ անցեալ` դարձեալ ապրելու իր հօր ոդիսականը, չե՛մ գիտեր: Անկողինին վրայ նստած` փոթորկալից անցեալը ներկայացնող յուշարձանի տեսք ունի հիմա:
Բաժնուելու պահն է: Թաց են Մարիձա մայրիկին աչքերը: Անոնք կը նային հեռու` դէպի Մուսա լեռ, դէպի հերոսական լեռը:
5 սեպտեմբեր, 2012
Այնճար
- 0 Comments
- 228 views
- Tweet
Email
Print





