Sunday May 26, 2013

Արթուր Աբրահամի Օրինակելի Քայլը

By adminx - Fri Sep 14, 6:05 am

Գերմանիան ներկայացնող հայազգի արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ, որ նախորդ ամիս տիրացաւ առաջին միջին դասակարգի WBO-ի ախոյեանի տիտղոսին, կը փափաքի իր յաջողութեան մասնակից դարձնել նաեւ ուրիշները:

Արդարեւ, «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Գերմանահայութեան կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Ազատ Օրտուխանեան ըսած է, որ 16-17 սեպտեմբերին Աբրահամ Գերմանիոյ մէջ կազմակերպած է կոլֆի մրցաշարք մը, որուն տոմսերուն վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի եւ Գերմանիոյ երեխաներու օգնութեան համար ծրագրուած նպատակներու իրագործման:

Գերմանահայութեան կեդրոնական խորհուրդը աջակցեցաւ Աբրահամի այս նախաձեռնութեան` իբրեւ գործընկեր:

Կոլֆի մրցաշարքին եւ անոր զուգահեռ տեղի ունենալիք այլ նախաձեռնութեանց տոմսերուն գինն է 120 եւրօ:

Leave a Reply

Advertisement