Wednesday Jun 19, 2013

Պէյրութի Մարաթոնի Յանձնախումբին Տուած Մամլոյ Ասուլիսը

By adminx - Fri Sep 14, 6:00 am

Մէյ Խալիլ

«Ռիվիերա» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Պէյրութի միջազգային մարաթոնի յանձնախումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կիրակի, 11 նոյեմբեր 2012-ին, տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի միջազգային մարաթոնը` «Վազէ՛ բոլորը» անուան տակ:

Տեղի ունեցած այս մամլոյ ասուլիսին ներկաներուն կարգին էին Անգլիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, Շուէտի դեսպան Նիքլաս Քիպոն, տարբեր անձնաւորութիւններու ներկայացուցիչներ, շարք մը այլ պատասխանատուներ, հովանաւորող ընկերութիւններ, մարզական լրագրողներ եւ աթլեթներ:

Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբի նախագահ Մէյ Խալիլ ողջունելով ներկաները փափաք յայտնեց, որ «Վազէ՛ բոլորը» անունը կրող այս մարաթոնին մասնակցող լիբանանցիները ամէն ճիգ ի գործ դնեն, որպէսզի 42,195 քմ երկարութիւն ունեցող այս մարաթոնը ամբողջացնեն:

Ան այժմէն յաջողութիւն մաղթեց բոլոր մասնակցողներուն:

Ներկաներէն մաս մը

Leave a Reply

Advertisement