Ռայի Պատրիարք. «Պապին Այցելութիւնը Կը Միտի Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւնը Հաստատել»
By adminx - Fri Sep 14, 7:41 am
- 0 Comments
- 51 views
- Tweet
Email
Print
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խստիւ դատապարտեց իսլամական կրօնը եւ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող ժապաւէնը` պահանջելով, որ ՄԱԿ-ի մակարդակով կեցուածք մը ճշդուի:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ նման ժապաւէն մը ոչ միայն կը վարկաբեկէ իսլամութիւնը, այլեւ` բոլոր կրօնները:
«Հետեւաբար մենք իբրեւ քրիստոնեաներ եւս խնդրոյ առարկայ ենք եւ պիտի գործակցինք բարի նպատակներ հետապնդող բոլոր կողմերուն հետ` ամօթալի այս ժապաւէնը անհետացնելու համար: Բայց եւ այնպէս մեր պահանջն է նաեւ, որ այդ ժապաւէնին դէմ որդեգրուելիք բողոքի բոլոր հակազդեցութիւնները ըլլան աւելի հակակշռուած», ըսաւ ան:
Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան մասին խօսելով` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ այդ այցելութիւնը կոչ մըն է իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն խաղաղութիւն հաստատելու, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներուն մէջ խաղաղութիւն հաստատելու` վերջ տալով բռնարարքներուն ու վայրագութեան:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց նաեւ իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօններուն համերաշխութիւնը` իսկական գարնան մը համար:
Ան մաղթեց, որ Արեւելքի երկիրները վերահաստատեն իրարու նկատմամբ վստահութիւնը եւ յանձնառու մնան իրենց պատմութեան եւ միացեալ պատասխանատուութիւններուն, ինչպէս նաեւ ճիշդ մեկնաբանեն արձանագրուած զարգացումները եւ այս կամ այն երկրին նպատակին կամ ծրագիրին գործադրութեան գործիքը չդառնան:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ քրիստոնեաները պիտի շարունակեն գոյատեւել Արեւելքին մէջ:
Ընտրական օրէնքին ակնարկելով` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ քաղաքական բոլոր կողմերը կը փափաքին ընտրական նոր օրէնք մը մշակել, որպէսզի ան 1960-ի օրէնքէն տարբեր ըլլայ եւ լիբանանցին կարենայ ընտրել եւ ապա հաշուետուութեան կանչել` առանց ճնշումի ենթարկուելու:
Միւս կողմէ, նշենք, որ Պքերքէի մէջ Ռայի պատրիարքը ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որ շեշտեց, թէ պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը խորհրդանշական է` նկատի ունենալով շրջանին դիմագրաւած պայմանները:
Սինիորա նշեց, որ ինք դիտմամբ պապին այցելութեան նախօրեակին այցելած է Ռայի պատրիարքին` հաստատելու համար, որ Մուսթաքպալ հոսանքն ու անոր համակիրները պիտի մասնակցին պապի դիմաւորման: Ան ընդգծեց, որ Մուսթաքպալի պլոքը համաձայն է Ռայի պատրիարքին` այն կեցուածքին, որ Լիբանան ազգային համերաշխութեան եզակի օրինակ մըն է, որ հիմնուած է ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան վրայ:
Անդրադառնալով «Իսլամներու անմեղութիւնը» ժապաւէնին` Սինիորա հաստատեց, որ այդ ժապաւէնը պատրաստողը կը միտի սադրանքներ նախապատրաստել եւ արաբական աշխարհին մէջ ժողովրդավարութեան մեկնարկը տկարացնել:
- 0 Comments
- 51 views
- Tweet
Email
Print



