Ֆրանսայի Պաշտպանութեան Նախարարը Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Լիբանան
By adminx - Fri Sep 14, 7:39 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն հետ:
Նախագահական պալատին մէջ Լը Տրիան ընդունուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս զինուորական գործակցութեան առումով:
Հանդիպումէն ետք Լը Տրիան նախագահ Սլէյմանի փոխանցեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի ողջոյնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանին եւ լիբանանեան բանակին օժանդակելու Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը:
Լը Տրիան շեշտեց նաեւ, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ իր զօրամասը պահել հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն շարքին:
Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի` Լիբանանի կողքին կանգնելու առիթով. ան դրուատեց երկու երկիրներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները եւ իր ողջոյնները ուղղեց նախագահ Հոլլանտին:
Լը Տրիան այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, ներկայութեամբ Մահմուտ Պըրրիի` եւ Ալի Համտանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները:
Լը Տրիան Փարիզի զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին, ինչպէս նաեւ անոր պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու լիբանանեան բանակին:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին ընդունեց Լը Տրիանը, որ Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի զօրակցութեան կողքին դրուատեց Լիբանանի կեցուածքը` Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածք որդեգրելու շրջագիծին մէջ:
Լը Տրիան բարձր գնահատեց նաեւ ֆրանսական եւ լիբանանեան բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը:
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print




