«Իսլամներու Անմեղութիւնը» Ժապաւէնին Դէմ Դատապարտումի Ալիք Կը Բարձրանայ Նաեւ Լիբանանի Մէջ
By adminx - Fri Sep 14, 7:37 am
- 0 Comments
- 47 views
- Tweet
Email
Print
Իսլամական կրօնը եւ Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող «Իսլամներու անմեղութիւնը» խորագիրը կրող ժապաւէնը, որ պատրաստուած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, երէկ խստիւ դատապարտուեցաւ լիբանանեան կրօնական շրջանակներուն կողմէ, ըլլան անոնք իսլամ թէ քրիստոնեայ:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ դատապարտեց իսլամութիւնը վարկաբեկող ամերիկեան ժապաւէնը` կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն միասնականութեամբ բողոքելու Մոհամետ մարգարէն վարկաբեկող այդ ժապաւէնին դէմ, որպէսզի ցոյց տան աշխարհին, թէ Լիբանան ազգային համերաշխութեան եւ համակեցութեան երկիրն է:
Միւֆթի Քապպանի շեշտեց, որ Ուաշինկթըն պէտք չէ փախուստ տայ իր պատասխանատուութիւններէն:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան դատապարտեց խնդրոյ առարկայ ժապաւէնը` հաստատելով, որ զայն պատրաստողը իսլամութեան ու անոր արժէքներուն նկատմամբ թաքուն ատելութիւն մը ունի եւ անոր նպատակն է աղաւաղել իսլամական կրօնն ու Մոհամետ մարգարէն:
Այս յանցանքով շէյխ Քապալան ամբաստանեց ամերիկեան-սիոնական դաշինքը:
Շէյխ Քապալան հաստատեց, որ այս արարքին դէմ լաւագոյն պատասխանը պիտի ըլլայ իսլամ-քրիստոնեայ յարաբերութիւններուն եւ գործակցութեան ամրապնդումը, որովհետեւ այդ յանցանքէն զերծ կը կացուցուին թէ՛ քրիստոնեայ եւ թէ՛ իսլամ կրօնները:
Իր կարգին, կաթողիկէ համայնքի տեղեկատուութեան կեդրոնի տնօրէն հայր Ապտօ Ապու Քասըմ շեշտեց, որ «Իսլամներու անմեղութիւնը» ժապաւէնը խիստ դատապարտանքի արժանի է, որովհետեւ ան կրօն մը` իսլամութիւնը կը վարկաբեկէ:
Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց չարիքին բարիքով պատասխանելու, «որովհետեւ չարիքին չարիքով եթէ հակադարձենք, ապա օժանդակած կ՛ըլլանք սադրանքներ պատրաստող այն անձնաւորութիւններուն, որոնք յետին նպատակներ կը հետապնդեն` այդ ժապաւէնը պատրաստելով եւ ցուցադրելով», ըսաւ ան:
Հայր Ապու Քասըմ յայտնեց, որ իրենք կը հաստատեն, որ այն, որ իսլամական կրօնին կը վնասէ, նաեւ քրիստոնեաներուն վնաս կը հասցնէ` աւելցնելով, որ այդ ժապաւէնը դատապարտուած է նաեւ Վատիկանի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:
«Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութենէն ետք իսլամ հոգեւոր հեղինակութիւններուն հետ պիտի գործակցինք` դատապարտելու համար այդ արարքը», ընդգծեց ան:
Միւս կողմէ, Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն որեւէ կրօնի կամ հաւատամքի դէմ գործուած չարիքն ու վարկաբեկումը:
- 0 Comments
- 47 views
- Tweet
Email
Print




