Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարը Կը Մնայ Անորոշ
By adminx - Fri Sep 14, 7:31 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին շրջագիծին մէջ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւնները դրական կերպով կ՛ընթանան: Ան աւելցուց, որ թրքական կողմին հետ կատարուած խորհրդակցութիւնները եղած են դրական` նշելով, որ առեւանգուածները Թուրքիոյ մէջ չեն գտնուիր:
«Լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնն է ազատ արձակել բոլոր առեւանգուած քաղաքացիները», ըսաւ ան:
Շարպել դիտել տուաւ, որ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու յստակ թուականներ չկան եւ բանակցութիւնները գաղտնաբար պիտի կատարուին:
Ներքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Լիբանան կը սպասէ, որ Անգարա առեւանգուած թուրք քաղաքացին ազատ արձակելու Լիբանանի բարի կամեցողութիւնը փոխադարձէ:
Հարկ է նշել, որ երէկ երեկոյեան Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը ստանձնեց առեւանգուած երկրորդ թուրքը` Ապտել Պասեթ Օսլան:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան կեդրոնին առջեւ թուրք քաղաքացին ստանձնուեցաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմի կողմէ:
Օսլանի յանձնումէն ետք Էօզեըլտըզ շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան իշխանութիւններուն:
Իր կարգին, Օսլան շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ Էօզեըլտըզի ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ թրքական դեսպանատուն:
Այս առիթով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուէն, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին անոր` Օսլանը ազատ արձակելու անոր ճիգերուն համար:
Յայտնենք, որ երէկ երեկոյեան լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ցուցմունքներուն հետեւելով, ձերբակալեց Մըքտատ ընտանիքի ընդհանուր քարտուղար Մահեր Մըքտատը:
Լուայ Մըքտատ
Իր կարգին, Սուրիական ազատ բանակի զինուորական գերագոյն խորհուրդի բանբեր Լուայ Մըքտատ հաստատեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը դրական զարգացումներ պիտի արձանագրէ, որովհետեւ թրքական իշխանութիւններն ու նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի լուրջ աշխատանք կը տանին այդ հարցով:
Ան շեշտեց, որ Հասսան Մըքտատ Սուրիական ազատ բանակին մօտ չի գտնուիր, եւ Մըքտատ ընտանիքին առաջարկեց առեւանգել Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը, որպէսզի զայն փոխանակէ Հասսան Մըքտատի հետ, որ հաւանաբար սուրիական վարչակազմին մօտ կը գտնուի:
Մահեր Մըքտատ
Միւս կողմէ, Մըքտատ աշիրեթի բանբեր Մահեր Մըքտատ նախքան իր ձերբակալումը յայտնեց, որ առեւանգուած
թուրք քաղաքացի Այտըն Թեքինի ազատ արձակումը Մըքտատ ընտանիքի բոլոր անդամներուն միջեւ տեղի ունեցած վեց ժամուան հանդիպումին ընթացքին որոշուած է:
Մըքտատ շնորհակալութիւն յայտնեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմի ի գործ դրած ջանքերուն համար:
Մահեր Մըքտատ ըսաւ, որ Մըքտատ ընտանիքը տակաւին միասնական է` նշելով, որ Թեքինը յանձնելու հիմնական նպատակն էր կանխարգիլել լիբանանեան պետութեան հետ բախումը:
«Երբ բանակը մեր թաղերուն մէջ ներխուժումներ կատարեց, անոր դէմ կրակոցներ արձանագրուեցան, եւ այդ կրակոցները մեր կողմէ չէին ուղղուած: Հետեւաբար Մըքտատ ընտանիքը բանակին հետ բախումի առաջնորդելու փորձեր կային եւ մենք ի դերեւ հանեցինք այդ փորձերը, որովհետեւ կը մերժենք բանակին հետ ճակատումը», ըսաւ ան:
Մահեր Մըքտատ աւելցուց, որ իրենք նաեւ հանգիստ զգացած են, որովհետեւ լիբանանեան պետութիւնը ստանձնած է Հասսան Մըքտատի հարցին հետապնդումը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի անդամ, սալաֆական «Իքրա» միութեան նախագահ շէյխ Պիլալ Տըքմաք երկու շէյխերու ընկերակցութեամբ ուղղուած է Թուրքիա, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ երեսփոխան Օքապ Սաքըրի հետ: Կը նախատեսուի, որ անոնք Թուրքիայէն ուղղուին Ազազ` հանդիպում մը ունենալու լիբանանցիները առեւանգող Ապու Իպրահիմի հետ:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած լիբանանցիներուն ազատ արձակման բանակցութիւններուն մասնակցող միջնորդ մը նշած է, թէ որոշում տրուած է, որ առեւանգուած երեք լիբանանցիներ ազատ արձակուին Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութեան աւարտէն անմիջապէս ետք:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print



