Thursday May 16, 2013

«Բրիտանիա Սուրիոյ Մէջ Զինուորակաան Միջամտութեան Չի Զօրակցիր, Հակառակ Անոր Որ Այդ Մէկը Ամբողջովին Չի Բացառեր Կ՛ըսէ Հէյկ

By adminx - Fri Sep 14, 7:25 am

Հէյկ եւ Զիպարի

Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի Պաղտատի մէջ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկի հետ իր հանդիպումին ընթացքին հերքեց, որ իրաքեան օդային տարածքին կամ հողերուն ճամբով զէնքերու կամ զինեալներու Սուրիա ներթափանցում տեղի կ՛ունենայ:

Մալիքիի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Իրաքի վարչապետը իր հիւրին յայտնած է, որ «Իրաք (Սուրիոյ մէջ) տագնապի սկիզբէն ի վեր զէնքերու եւ զինեալներու իրաքեան հողերու կամ օդային տարածքով թափանցումը արգիլող միջոցառումներ կը կիրարկէ:

Հէյկ իր կարգին անհրաժեշտ եղած արդիւնքին հասնելու համար Սուրիոյ մէջ ընդդիմութիւնն ու ներկայ կառավարութիւնը ներառող փոխանցման կառավարութեան մը կազմութեան կարեւորութիւնը շեշտած է:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զիպարի Հէյկի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Սուրիոյ մէջ քաղաքական ժողովրդավարական փոխանցման եւ սուրիացի ժողովուրդի բոլոր հատուածները ներկայացնող բազմակարծական ժողովրդավար համակարգի մը հաստատման կարեւորութիւնը շեշտեց` նշելով, որ Իրաք տագնապի իրեն փոխանցման եւ իր վրայ ունենալիք ազդեցութեան նկատմամբ մտավախութիւններ ունի:

Հէյկ իր կարգին յայտնեց, որ Բրիտանիա Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան չի զօրակցիր, հակառակ անոր որ այդ մէկը ամբողջովին չի բացառեր: «Չկայ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար մը, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան կոչ ուղղած է, եւ տակաւին կը սերտենք այդ հարցը, տակաւին Սուրիոյ մէջ սուրիական բոլոր տարրերուն մասնակցութեամբ դէպի ժողովրդավարութիւն անցումին կը զօրակցինք եւ այս առումով մեր կեցուածքը շատ յստակ է»:

Ան ըսաւ, որ կարիքը կայ խաղաղ ճամբով դէպի ժողովրդավարական փոխանցումի, որ քաղաքացիական պատերազմի եւ գաղթականներու Սուրիոյ դրացի երկիրներ հոսքի կանխարգիլման միակ ձեւն է` շեշտելով, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը իր գործած բոլոր ոճիրներէն ետք չի կրնար իշխանութեան վրայ մնալ»:

Միւս կողմէ, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը յայտնեց, որ իր երկիրը կոչ կ՛ուղղէ` սուրիական տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու: Ան Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման, որ սուրիացի ժողովուրդին յաւելեալ տառապանք կը խնայէ: Թագաւորը նաեւ յիշեցուց սուրիացի գաղթականներու հոսքին պատճառով իր երկրին կրած ծանր բեռը, որ իր ուժերէն եւ կարողութիւններէն վեր է:

 

Leave a Reply

Advertisement